ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը բացման աղօթքը կատարեց Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Տան նիստին, իր աղօթքը նուիրելով ամերիկացի օրէնսդիրներուն եւ Արցախի բռնի տեղահանուած բնակչութեան։
«Տուր մեզի իմաստութիւն, քաջութիւն եւ տեսիլք, որպէսզի կարենանք ամբողջովին նուիրուիլ ժողովուրդի եւ Միացեալ Նահանգներու ծառայութեան», Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ նիստէն առաջ։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ աղօթեց աշխարհի խաղաղութեան համար. «Օգնէ՛ մեզի, խաղաղութեան եւ արդարութեան Տուիչ, որ բուռն կերպով աշխատինք ի խնդիր խաղաղութեան՝ արդարութեամբ, բրտութեամբ եւ բեւեռացումով բաժնուած աշխարհի մը մէջ»։
Աղօթքի աւարտէն առաջ, Նորին Սրբութիւնը յիշեց Ատրպէյճանի ցեղասպան պետութեան վերջերս գործադրած ցեղային մաքրագործումը, որ աւելի քան 100.000 արցախցի հայերու բռնի տեղահանութեան պատճառ դարձած է։
«Օգնէ՛ մեզի, ո՛վ Աստուած Ողորմած, յիշելու մեր աղօթքներուն մէջ աւելի քան հարիւր հազար հայ գաղթականները, որոնք վերջերս պարտադրուեցան լքել Լեռնային Ղարաբաղը, իրենց դարաւոր հայրենի հողը, եւ դիմագրաւել վիթխարի դժուարութիւններ ու անորոշութիւններ»։
Աղօթքէն առաջ, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ խօսնակ Մայք Ճոնսընի, ապա՝ ներկայացուցիչ Էտըմ Շիֆի հետ: Աղօթքէն ետք, Վեհափառ Հայրապետն ու իր շքախումբը աղօթք կատարեցին ու «Հայր Մեր» երգեցին Քոնկրէսին յատուկ՝ աղօթքի սենեակին մէջ։ Քոնկրէսին կից գտնուող սրահին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոսին ի պատիւ տրուած ընդունելութեան ընթացքին, ան յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը ներկայացուցիչներու հետ՝ պատուակալ խօսնակ Նէնսի Փելոսի, դեմոկրատ փոքրամասնութեան ղեկավար Քաթրին Քլարք, ներկայացուցիչներ Եունկ Քիմ, Ճիմ Քոսթա, Աննա Իշու, Ռաշիտա Թլայիպ, Պրատ Շէրմըն, Տայնա Թայթըս, Պարպրա Լի եւ Ճեռի Քարլ։ Հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հարցին, Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ պաղեստինեան տագնապին:
Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանը, թեմերու Ազգային Վարչութեանց դիւանները եւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի Յանձնախումբի տնօրէն Արամ Համբարեանը:
Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ողջունեց Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութիւնը իբրեւ ներշնչման եւ հզօրացման աղբիւր, մինչ հայութիւնն ու ամբողջ աշխարհը ականատես կ՚ըլլան վերջին տասնամեակներու յոռեգոյն տագնապներէն մէկուն։
«Միջազգային ու հայրենական խռովութեան այս ժամանակներուն, Վեհափառ Հայրապետը այս երկար ճամբորդութեան ձեռնարկած է հաւատքի եւ յոյսի իր պատգամը բերելու, ինչպէս նաեւ Արցախի ու անոր քաջ ժողովուրդին իր լայն զօրակցութիւնը յայտնելու», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։
Յիշեալ աղօթքէն ետք, խորհրդարանին կից գտնուող սրահին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոսին ի պատիւ տրուած ընդունելութեան ընթացքին, Հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը խորհրդարանի անդամներու հետ, որոնց կարգին նախկին խորհրդարանի նախագահ Նէնսի Փելոսիի հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հարցին, Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ պաղեստինեան տագնապին:
Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանը, յիշեալ երեք թեմերու ազգային վարչութեանց դիւանները եւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի կեդրոնի տնօրէն Արամ Համբարեանը:
Երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւտեան եւ Գանատայի թեմերու առաջնորդ սրբազաններու՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի, Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի եւ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ ազգային վարչութեանց դիւաններու հանդիպումը։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց թեմերը վերակենսաւորելու հրամայականը Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներու ծիրէն ներս։ Ապա, այս ուղղութեամբ ան կատարեց շարք մը մատնանշումներ եւ թելադրեց անհրաժեշտ ծրագրումները կատարել։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջ-թեմական գործակցութեան, կանոնագրութեան, երիտասարդութեան, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ այլ մարզերու առնչուած հարցեր։
Վեհափառ Հայրապետը Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7-ին, այցելած էր Լիբանանի դեսպանատունը, ուր ընդունուեցաւ հաւատարմատար Ուաէլ Հաշէմի կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Թեմիս առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ (Պեթեստա, Մէրիլէնտ) հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան։ Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանը յուզող հարցեր։