ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆՈՐԹ ԱՆՏՈՎԸՐ

0 0
Read Time:45 Second

Կիրակի, Հոկտեմբեր 1-ին, Վարագայ Սուրբ Խաչ տօնին առթիւ, Ա․ՆՄ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան պատարագեց Նորթ Անտովըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Այս առթիւ, կիսասարկաւագ ձեռնադրուեցաւ Զարեհ Պլպուլեանը։ Ձեռնադրութենէն ետք, Անուշաւան Սրբազան ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոնդակը, որով ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն կը շնորհուէր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն․ Պալճեանին, իր քահանայական տասնհինգամեայ ծառայութեան առ ի գնահատում։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, նշուեցաւ եկեղեցւոյ օծման 53-րդ տարեդարձը։ Հոգաբարձութեան ատենապետ Յովսէփ Ալմասեան ներկայացուց եկեղեցւոյ տարեկան գործունէութիւնը, եւ այս առթիւ շնորհաւորեց նաեւ Տէր Ստեփանի տասնամեայ ծառայութիւնը համայնքէն ներս։ Ազգային Առաջնորդարանի պատուոյ գնահատագիր ստացաւ Փօլ Տէմուրճեան։ Ապա հոգեւոր հովիւ Տէր Ստեփան Քահանայ Պալճեան ուրախութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ յարաճուն զարգացման համար։

Փակման խօսքը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ հովիւր, հոգաբարձութիւնը, յարակից մարմիններն ու քոյր կազմակերպութիւնները։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց ծխականներուն անվերապահ աջակցութիւնը։ Յիշատակելի այս տօնախմբութիւնը աւարտեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով ու Կիլիկիա երգով։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles