ԱՂԱՒՆԻԻ, ՁԻԹԵՆԻԻ ՃԻՒՂԻ ԵՒ․․․ ՆԵՏ ՈՒ ԱՂԵՂԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 45 Second


«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Տարօրինակ ու անհասկնալի կացութիւն մը ստեղծուած է, մասնաւորաբար Արցախի եւ ընդհանրապէս կովկասեան բարձրաւանդակին շուրջ։ Նման կացութիւններ կան նաեւ այլուր:
Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ իր հասկցած ձեւով՝ հարցը կառուցողական ձեւով լուծելու ընթացքը, կոչ ուղղելով Պաքուին եւ Երեւանին՝ կլոր սեղանի շուրջ նստելու եւ համագործակցութիւնը վերականգնելու, հեռու մնալով զինուորական միջամտութենէ։
Սա բարի տրամադրութեան… մակերեսն է միայն, որովհետեւ խորքը բոլորովին տարբեր է: Իրատեսը գիտէ, որ այդպէս չէ պատկերը։ Իլհամ Ալիեւի այցելութիւնը՝ գրաւեալ Արցախ, հոն կատարած անընդունելի եւ բարբարոս արարքները, եւ անոր ռազմաշունչ արտայայտութիւնները ցոյց կու տան, թէ անոր ճամբու քարտէսը բոլորովին տարբեր է, ո՛չ մէկ կապ ունի եւրոպացիներուն սպասածին ու երազածին հետ, իսկ եւրոպացիք արդէն քանիցս ցոյց տուած են, որ չեն անցնիր խօսքի աճուրդի սահմանէն անդին։
Ալիեւ քանի մը անգամ Արցախի դրօշին վրայ կոխկռտելով մուտք գործեց խլուած պետական կառոյցներ, եւ յոխորտանքով ու արհամարհանքով սպառնաց։
Եւրոպական Միութիւնը, ի տես եւ ի լուր Ալիեւի այս բարձրաղաղակ հռետորաբանութեան, զարմանալիօրէն կը կրկնէ, թէ հրամայական է շարունակաբար եւ անխոչընդոտ մարդասիրական աջակցութիւն ապահովել անոնց՝ որոնք դեռ Արցախ կը մնան եւ զանազան կարիքներ ունին, նաեւ անոնց՝ որոնք հեռացան: Անկախ անկէ, որ հարցը կը շարունակեն դիտել միայն եւ զուտ մարդասիրական ակնոցով, ո՛չ մէկ խօսք՝ քաղաքական իրաւունքներու մասին. միթէ չե՞ն նկատած, որ դատարկ է Արցախը։ Քանի մը տասնեակ ծերունիներ մնացած են միայն, որոնք կը նախընտրեն իրենց աչքերը փակել հայրենի տանիքի տակ…:
Կովկասի նորօրեայ «Հիթլէր»-ին այցելութենէն եւ «Ֆիւրէր»-եան ճառախօսութիւններէն ետք, մարդ կոյր եւ անուղեղ պէտք է ըլլայ, որ յանգնի յայտարարելու, թէ Ատրպէյճան պէտք է ապահովէ արցախահայութեան մարդու իրաւունքները, ներառեալ իրենց տուներուն մէջ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը, ապա նաեւ պայմաններ ստեղծէ կամաւոր, ապահով, արժանապատիւ եւ կայուն վերադարձի համար․․․: Ընդունինք. ո՛չ մէկ հայ առարկութիւն պիտի ունենայ այս պահանջներուն դէմ, սակայն գետնի վրայ իրականութի՞ւնը… հապա արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւո՞ւնքը…
Արդեօք եւրոպացիք չհետեւեցա՞ն Լենի Ռիֆընշթայլի (Հիթլէրի քարոզչական վաւերագրականները պատրաստող հանրածանօթ կինը) ոճով պատրաստուած վաւերագրականին՝ Ալիեւի այցելութեան։
Եւ դեռ ի՜նչ անփոյթ ու կարճատես մօտեցում, չըսելու համար մեր քթին խնդալու եւ… ինքզինք խաբերու նոր փորձ, երբ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ կոչ ուղղել Ատրպէյճանին, թէ պէտք է արցախահայութեան տրամադրէ շօշափելի, յստակ ու թափանցիկ երաշխիքներ եւ ստանձնէ յստակ առաջնային պատասխանատուութիւն՝ բնակչութեան ճակատագիրին համար: Մշակութային կոթողական կառոյցներու հաւանական կործանման մասին խօսիլը յայտնապէս ձգուած է սահմանափակ(ուած) կարողութիւններով «Եունեսքօ»-ի հարթակին, որ այլապէս միայն կը խօսի ու կը խօսի՜ կոթողներու քանդումին եւ տաճարներու սրբապղծումին, այլափոխման մասին:
Եւ դեռ… ու դեռ… եւրոպացիները կ՛ակնկալեն կոշտ հռետորաբանութենէ հեռու մնալ եւ զսպուածութիւն կիրարկել։ Ատրպէյճանէն կը պահանջեն ընդհանուր համաներում բոլոր արցախցիներուն համար, ներառեալ անոնց ղեկավարներուն, եւ բոլոր կողմերուն․․․։ Վաղը ըսող պիտի ըլլա՞յ, թէ հայերն ալ սպառնական հռետորութիւն կ’ընեն:
Արդեօք ՄԱԿ-ը, որ միայն ու միայն Արցախի հայաթափումէն եւ անկումէն ետք երկու անգամ պատուիրակներ ղրկեց շրջան, հետեւեցա՞ւ Կովկասի «ֆիւրէր»-ի այցելութեան։ Հոն ալ կիսատ-պռատ եւ շինծու տեղեկագիր մը, իսկ Եւրոմիութեան «աստղ» Շարլ Միշէլի դէմքին՝ լաւ(ան)տեսութեան ժպիտ մը եւ… կրկէսը կը շարունակուի, այն վստահութեամբ, որ յառաջիկայ ձմրան, դաժան ցուրտին դիմաց, Եւրոպան ջերմ ու տաքո՜ւկ պիտի մնայ, շնորհիւ ատրպէյճանական վառելանիւթին։
Անգործութեան մատնուած ռուս խաղաղապահները, ինչ-ինչ հաշիւներով, զարմանալիօրէն կը մնան տարածաշրջան, մինչդեռ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բանակները կը շարունակեն իրենց ռազմափորձերը, այս անգամ գրաւեալ Արցախի եւ Նախիջեւանի հողերուն վրայ, Սիւնիքի եւ հայկական այլ մարզերու դրացնութեան մէջ…։
Այս բոլորին լոյսին տակ, մարդ խելագար ե՛ւ տգէտ պէտք է ըլլայ, որպէսզի շարունակէ միայն ձիթենիի ճիւղ երկարել անհաղորդ թշնամիին, խաղաղութեան աղաւնի թռցնէ, երբ դիմացինը անօդաչու «նետ ու աղեղ»-ով զինուած է եւ սուրի փոխան՝ «պայրաքտար»-ներ կը ճօճէ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles