Թեհրանի Մէջ «3+3» Ձեւաչափով Հանդիպում Եւ Միացեալ Յայտարարութիւն

0 0
Read Time:2 Minute, 45 Second

 

ԹԵՀՐԱՆ․- Հոկտեմբեր 23-ին տեղի ունեցաւ սպասուած «3+3» ձեւաչափով հանդիպումը, որու  աւարտին Իրանի, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները որդեգրեցին 9 կէտերէ բաղկացած միացեալ յայտարարութիւն մը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան լոյս ընծայած յայտարարութեան մէջ կը  նշուի.

1.- Հաշուի առնելով երկիրներու միջեւ փոխադարձ շահերու եւ բարի դրացնութեան վրայ հիմնուած բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը` ընդգծուած է վէճերու խաղաղ կարգաւորման, գերիշխանութեան, քաղաքական անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան, միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անխախտելիութեան, անձեռնմխելիութեան եւ ներքին գործերուն չմիջամտելու, սպառնալիքներու կամ ուժի կիրարկման արգիլման կարեւորութիւնը եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան բոլոր սկզբունքներուն հիման վրայ մարդու իրաւունքները յարգելու կարեւորութիւնը:

2.- Միջազգային տարբեր խնդիրներու վերաբերեալ իրենց տեսակէտները արտայայտելով` քննարկուած են շրջանի առաւել կարեւոր խնդիրները եւ ընդգծուած այնպիսի հարթակներու կարեւորութիւնը, ինչպիսին է «3+3» Խորհրդակցական շրջանային հարթակը շրջանի երկիրներուն միջեւ կառուցողական երկխօսութեան եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան հաստատման կարելիութիւններ ընձեռելու հարցին մէջ:

3.- Ընդգծուած է տնտեսական համագործակցութեան դրական ազդեցութիւնը փոխադարձ վստահութեան, ժողովուրդներու բարեկեցութեան եւ շրջանի կայունութեան ամրապնդման վրայ:

4.- Կարեւոր նկատուած է մշակութային համագործակցութիւնը, մարդոց միջեւ հաղորդակցութիւնները եւ միացեալ ծրագիրները կրթութեան, գիտութեան, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ:

5.- Շրջանի կայուն խաղաղութեան եւ տնտեսական զարգացման ամրապնդման նպատակով կողմերը պիտի ամրապնդեն երկկողմ եւ բազմակողմ խորհրդակցութիւններն ու համագործակցութիւնը:

6.- Նախարարները ողջունած են շրջանի բոլոր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ զարգացման շարունակական հոլովոյթները:

7.- Դրական գնահատելով հանդիպման արդիւնքները` նախարարները հաստատած են Վրաստանի իրաւահաւասար մասնակցութեան համար հարթակի. բաց ըլլալը:

8.- Նախարարները նաեւ միտքեր փոխանակած են Կազայի հատուածին մէջ տիրող կացութեան շուրջ եւ ընդգծած անմեղ քաղաքային անձերուն վրայ յարձակումները անյապաղ դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը:

9.- Հայաստանի Հանրապետութեան, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները շնորհակալութիւն յայտնած են Իրանի արտաքին գործոց նախարարի ընդունելութեան եւ այս հանդիպման բարեյաջող կայացման համար»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր` մեկնաբանելով Իրանի մէջ տեղի ունեցած «3+3» ձեւաչափով հանդիպումը, յայտնեց․- «Հայ-ատրպէյճանական հարցին գծով, մենք կ՛ողջունենք որեւէ բարեխիղճ յանձնառութիւն, որ կը նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան` անկախ անկէ, թէ ո՛ւր կ՛ընթանան այդ բանակցութիւնները, կամ որո՛նք զանոնք կը վարեն։ Սակայն մենք կ՛ընդունինք նաեւ Իրանի եւ Ռուսիոյ նկատմամբ Հարաւային Կովկասի նուրբ աշխարհագրական դիրքը, եւ մենք վստահելի գործընկերներ չենք գտած այդ երկիրներուն մէջ»։

Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով շեշտեց, թէ այս հարթակը երբեք նախատեսուած չէ եղած իբրեւ որեւէ հակամարտային իրավիճակներու լուծման հարթակ, ի սկզբանէ նախագահ Իլհամ Ալիեւի գաղափարը եղած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տագնապի աւարտէն ետք շրջանային համագործակցութիւն հաստատելը։ Ան աւելցուց, թէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը նոյնպէս կը կիսեն այն տեսակէտը, որ եկած է ժամանակը օգտուելու այս կարելիութենէն եւ աւարտին հասցնելու խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի շուրջ բանակցութիւնները, սակայն ատիկա այն չէ, ինչ որ պիտի կատարուի «3+3» շրջանային խորհրդատուական հարթակին մէջ, ատիկա պիտի կատարուի Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ ուղիղ երկկողմանի բանակցութիւններու միջոցով, միշտ ալ նշելով, թէ Հարաւային Կովկասի խնդիրները նախ եւ առաջ պէտք է լուծեն իրենք` շրջանի երկիրները:

Ամիրպեքով բռնօրէն քննադատեց շրջանէն դուրս գտնուող երկիրներու միջամտութիւնները, յատկապէս նշելով Ֆրանսան, որ կը չարաշահէ իր յառաջատար դերը Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան խորհուրդի, Եւրոպական Միութեան, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ եւ մինչեւ իսկ Fրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան պէս միջազգային կառոյցներուն մէջ:

Միւս կողմէն, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ: Քննարկուած են շրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

Իրանի նախագահը նշած է, որ երկու դրացի եւ բարեկամ երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած է բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն` հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ երկու ժողովուրդներու հազարամեայ եղբայրութեան վրայ:

«3+3» ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը կատարել Թուրքիոյ մէջ: Հանդիպման օրը պիտի համակարգուի դիւանագիտական ուղիներով:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles