Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Յայտարարութիւնը Ի Խնդիր Արցախահայութեան

0 0
Read Time:2 Minute, 10 Second

 

Առաջին շարք ձախէն աջ՝ Վեր. Ալպերթ Փայտեան, Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան, Դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան, Տիար Զաւէն  Խանճեան եւ Վեր. Յովել Միքայէլեան:
Երկրորդ  շարք ձախէն  աջ՝ Կալվին Սաղըրեան, Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, Վեր. Դոկտ. Րընէ Լեւոնեան եւ Վեր. Յովհաննէս Յովսէփեան:

Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի գործադիր յանձնախումբին ժողովը գումարուեցաւ Հոկտեմբեր 19-20, 2023-ին Սան Ֆրանսիսկոյի Գողգոթա Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ:

Սոյն երկօրեայ ժողովին մասնակցեցան խորհուրդի եօթը եկեղեցական Միութիւններու եւ Կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Օրակարգի գլխաւոր նիւթերէն մէկն էր Արցախի գրաւումը Ատրպէյճանի կողմէ եւ Արցախահայութեան տեղահանութիւնն ու Հայաստան հաստատուելու իրականութիւնը: Յետ խորհրդակցութեան, Գործադիր ժողովը ըրաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը.-

Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան վրայ Ատրպէյճանի զանգուածային յարձակումին հետեւանքով ամբողջ Արցախահայութիւնը ենթարկուեցաւ համատարած տեղահանութեան, ակամայ լքելով իր դարաւոր հայրենիքը:

Արցախի բռնագրաւումը մեր նորագոյն պատմութեան չարաղէտ իրականութիւններէն մէկն է: Հայկական Ցեղասպանութեան նման հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս ենթարկուեցաւ պատմական Հայաստանի կարեւոր մէկ բաժինի կորուստին: Քաղաքակիրթ ազգեր եւ միջազգային հանրութիւնը անտարբեր մնացին կամ բաւարարուեցան միայն դատապարտումի պարզ կոչեր ընելով:

Հասկնալի է հայ ժողովուրդին վրդովանքն ու յուսախաբութիւնը ի տես այս անսպասելի իրողութեան: Անտարակոյս, մեր նորագոյն պատմութեան մէջ ճակատագրական ժամանակաշրջան մը կը բացուի մեր առջեւ, որոնք ոչ միայն Հայաստանը, այլ ամբողջ ազգը լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնեն:

Պատմական այս հանգրուանին մեր ժողովուրդի անմիջական հրատապ հարցն է Արցախահայութեան տեղաւորումը Մայր հայրենիքի մէջ:

Կը հաւատանք, որ մեր համազգային առաջնահերթ պարտականութիւններէն մէկն է օգնութեան ձեռք կարկառել Արցախի մեր հայրենակիցներուն:

Իբրեւ հայ ազգի գործօն մէկ մասնիկը՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը  իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի մեր հայրենակիցներուն եւ կոչ կ’ընէ բոլոր հայորդիներուն.—

-Յարգանքով խոնարհիլ Արցախի հայ նահատակներու յիշատակին առջեւ.

-Գրկաբաց ողջունել մեր գաղթական եղբայրներն ու քոյրերը Մայր Հայրենիքի մէջ.

-Ամոքել իրենց ցաւը սիրով եւ կարեկցութեամբ.

-Ջանալ բարձր պահել իրենց արժանապատուութեան զգացումը.

-Մեր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը ընծայել նուիրումով եւ նախանձախնդրութեամբ.

-Դատապարտել ապօրինի կալանաւորումը Արցախի Հանրապետութեան նախկին եւ ներկայ ղեկավարութեան. Գնահատանքի եւ երախտիքի տուրք ընծայել անոնց նուիրումին, ծառայութեան եւ զոհաբերութեան համար.

-Մեր յուսախաբութիւնն ու ընդվզումը յայտնել  միջազգային ընտանիքին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, Արեւմտեան ազգերու կրաւորական անտարբեր դիրքին նկատմամբ Արցախի դէմ եղած անիրաւութիւններուն, ռազմական յարձակումներուն եւ բռնարարքներուն համար.

-Բողոքել Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ Միջազգային Արդարութեան Ատեանին՝ պատերազմական հայ գերիներու հանդէպ Ատրպէյճանի անմարդկային եւ անխիղճ վերաբերումին մասին, եւ պահանջել անոնց անյապաղ ազատ արձակումը.

-Նեցուկ կանգնիլ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մեր նպաստը բերել մեր Հայրենիքի վերելքին եւ պետականութեան հիմքերու ամրացման.

Կոչ կ’ուղղենք մեր բոլոր ազգակիցներուն, որ զգօն ու պատրաստ ըլլան, որ ամէն մէկը իր կարողութեան չափով օգնէ իր Արցախահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն:

Ժամանակն է նաեւ, որ հայրենաբնակ եւ սփիւռքի հայութինը միակամ ոգիով իրենց գործնական ներդրումներու եւ միջոցներու ամբողջական տրամադրումով՝ սատարեն հայ ժողովուրդի ներկայ գաղթականական ճգնաժամի յաղթահարումին:

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

Գործադիր Տնօրէն  Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles