ՄՈՐՄՈՔԸ ԽՕՍՔԻ ԵՒ ԳԻՐՔԵՐՈՒ  ՄԷՋ Չէ, ԱՅԼ՝  ՄԵՐ ԱՊՐԱԾ ՆԵՐԿԱՅԻ

0 0
Read Time:5 Minute, 43 Second

Յ. Պալեան

            Մեր պատմութիւնը կրկին ահեղ-աւերող հեղեղ է, զոր գալիք սերունդները պիտի ոգեկոչեն, ինչպէս մենք այդ ըրած ենք եւ կ’ընենք՝ յիշելով 1915, Ախթամար, Վան, Մուշ, Սասուն, Ատանա, Սիս, Կարս, Գետաշէն…:

            Ցաւի եւ կորուստի բանաստեղծական փառաբանանք եւ աղմուկ: Անոնք վերականգնումի գերանձնական միահամուռ յանձնառութիւն չեն :

            Գալիք սերունդները հինը պիտի մոռնան, նոր անուններով  նոր խոցի յիշատակներ պիտի երգեն: Նոր անունները՝ Շուշի, Բերձոր, Հատրութ, Ստեփանակերտ…

            2023-ը Տեսակարար տարբերութիւն ունի՞ 1915-էն:

            Յետո՞յ: Եւ մինչեւ ե՞րբ…

            Կեղծ արդարներու միջազգային հանրութիւնը վաղը պիտի չըսէ Ստեփանակերտ, իր խիղճը նաւթով լուալէ ետք պիտի ըսէ «Խանքենտի»: Վարժութեան հարց է: Նոր գիծերով  նոր քարտէս, մշակութային ժառանգութիւններու նոր տէրեր, նոր անուանումներով, հնարուած պատմութեամբ:

            Երբ ոտքի էինք, կ’ըսէինք Արցախ, Լեռնային Ղարաբաղ: Միջազգային կոչուած համայնքն ալ այդպէս կ’ըսէր:

            Սովորութիւն դարձուցած էինք մեր ամենօրեայ օրակարգէն դուրս ձգել Նախիջեւանը:            

            Միջազգային համայնքի պատմութիւն գիտցող բանգէտները չէին հարցներ, թէ ի՞նչ կը նշանակէր «Նախիջեւան» թուրքերու եւ ատրպէյճանցիներու լեզուով, երբ  «Ատրպէյճան» անուանումով տարածքը միայն դար մը առաջ յայտնուած էր քարտէսներու վրայ:

            Աշխարհի «ՄԵծեր»-ը Ստուգաբանութեան փորձ ըրա՞ծ են: Եթէ այդ ըրած ըլլային պատմութիւն կը գիտնային, ճշմարտութիւն կը հասկնային, արդարութիւն եւ եւ իրաւունք չէին խեղդեր նաւթասիրութեան մէջ, կամայ-ակամայ մեղսակից դառնալով կրկնուող բռնութիւններու եւ կեղծիքի, մեր ժողովուրդի իրաւունքը եւ անոր պատմութեան ընթացքը ճիշդ կը տեսնէին, չէին բաւարարուեր սպայակոյտի հաշիւներով, հայրենիքներու սահման քանակով գծելու անպատասխանատուութիւնը քաղաքականութիւն, քաղաքակրթութիւն  եւ խաղաղութիւն չէին համարեր:

            Հասկցա՞ծ ենք, որ շահակցութիւններու, սպառողական եւ զբօսի ընկերութեան մէջ տեղ չկայ ո՛չ Ստեփանակերտ, ո՛չ Տիգրանակերտ, ո՛չ Ամարաս:  Հիմա կան Նոր անուններ նոր տէրերու համար:

            Միշտ ալ անտառի օրէնքով կը գրուի պատմութիւնը եւ կը գծուին քարտէսները… Ճշմարտութիւն, իրաւունք, արդարութիւն, միամիտներ եւ զոհեր մխիթարող թղթէ փուչիկներ են:  Անիրաւուածին եւ զոհին կը մնայ աւաղել, աղմկել, եւ գեղատիպ «Յուշամատեան»-ներով յուզուիլ, զուարճանալ, սնուցել սնափառութիւն, որ անմիջականօրէն մատչելի է, հեռուի եւ մօտի մխիթարութիւն փնտռող հայերուն, ո՛չ սահմանի, ո՛չ անցակէտի, ո՛չ սահմանապահի, ո՛չ ալ յանձնառութեան կարիք կայ, մեր շատ սիրած բառով՝ զոհողութեան կարիք:

            Յուշամատեանը անարգել կը ճամբորդէ Ուփսալա եւ Ուշուայա, Պերլին, Պրիւքսէլ, Տապլին… Եւ ազգի դատը կը դառնայ պատկեր, կորուսեալի համատարած քարտէս, գեղագիտութիւն, խօսափողի փսխած աղմուկ:

            Ուփսալա, Թանկանիքա, Զանզիպար, Ալասքա, «Ամէն տեղ հայ կայ»-ի դատարկ ինքնագոհութեամբ կ’ապրինք աշխարհներու մէջ, որոնք հայու հայրենիք չեն: Հոն կը բազմապատկենք տիտղոսներ եւ ինքնաշնորհուած «հանգամանք»ներ, «նախագահ»ութիւններ, ինքնամոռացութեամբ  եթերային յուշամատեաններու եւ երգերու մէջ հայրենատիրութիւն կը բեմադրենք: Խօսափողներ եւ պատկերներ:

            Յար եւ նման մանուկներու շապիկներուն վրայ տպուած Մեծն Տիգրանի թագով գլուխներու առթած հպարտութեան: Հին, նոր, կրկնուող չմաշող հէքիաթներ:

            Երբ կը ճամբորդեմ, նախանձով կը ծանօթանամ մարդոց, որոնց բնակավայրը, ծննդավայրը եւ հայրենիքը նոյն եւ մէկ են:

            Իսկ հայը «ուր հաց հոն կաց»-ի աւանդական գործնապաշտութեամբ, «ամէն տեղ հայ կայ»ի իրականութիւնը կը կարծէ  քաղաքականացած տեսնել, եզրականցնելով, որ «ամէն տեղ հայրենիք է», Թանկանիքա եւ Փարիզ, Լոս Անճելըս եւ Զանզիպար, հայն ալ՝ ֆրանսահայ, իսպանահայ, աւստրալահայ, չեխահայ…Ամէն օր ծագող արեւին հետ նորոգուող եւ բազմապատկուող:

            Օր մը մէկը պէտք է հաշուէ հայատեսակները: Այդպէս ալ մշակելու համար ինքնասիրութիւններ: Ի՜նչ դատարկ ճոխութիւն, որուն համար բեմեր եւ սրահներ կը թնդացնենք, գերաճող «միութիւններ»-ու եւ «կուսակցութիւններ»-ու եսական անվաղորդայն նախագահական տենչերու  աղմուկով:

            Արցախեան պատերազմը եւ աղէտը յիշեցուցին, անոնց որոնք դեռ չէին մոռցած, նաեւ մոռցածներուն, որ կրկնուած էր անտառի նոյն օրէնքը: Մեծերը  միշտ ալ ծալած եւ վրան նստած էին այդ անտառի անբարոյ ճշմարտութեան, զայն մոռցած:

            Պատմութիւն, ազգերու եւ մարդու իրաւունք արհամարհելով հանդերձ, բայց յանուն անոնց գոռգոռացող  միջազգային համայնքը եթէ մարդկային իրաւունքը յարգող եւ պատմական ճշմարտութեամբ առաջնորդուող ատեան մը ունենար, անոր կը դիմէինք ոչ միայն Արցախի հարցով, այլ նաեւ մոռցուած եւ մոռցուող Նախիջեւանի, անոր անուան ստուգաբանութիւնը եւ պատկանելիութիւնը օրակարգ դարձնելով:

            Ատրպէյճանի մաս դարձած Նախիջեւանի պատմութիւնը եւ անունը ի՞նչ առնչութիւն ունին Ատրպէյճանի, անոր անցեալին, պատմութեան, մշակոյթին եւ կեանքին հետ: Հարցնող չկայ: Այդ տարածքի բնիկ ժողովուրդն է որ զայն անուանած է իր լեզուով ըստ իր կեանքին եւ պատմութեան:

            Թրքերէնի եւ ատրպէյճաներէնի լեզուական, մշակութական պատմութեան մէջ ծագումնային հետք կա՞յ այդ անուանումով: Այդ անուանումը ոեւէ ձեւով կը վկայէ՞ թուրք-ազերիական կեանքի եւ ներկայութեան մասին, որպէս բառ, աւանդութիւն եւ պատմութիւն: Ինչո՞ւ նախ մենք չենք բարձրաձայներ, որ խաչքարերը ջարդելով նոր պատմութիւն գրել ոչ արդարութիւն է, եւ ո՛չ ալ քաղաքակրթութիւն: Միջազգային դերի իրենք զիրենք կոչած իրաւարարներ այսքան տարրական ճշմարտութիւն եւ բարոյական պարտական չե՞ն մարդկութեան եւ իրենց ստանձնած պաշտօններուն: Միջազգային մեծ կամ պզտիկ  հարթակներու վրայ շորորացող, մէկ օդանաւէ միւսը ցատքողներ, յաճախ հանդերձ ընտանեօք, եւ ղեկավարութիւն խաղցող «հայ երեւելիներ», ամէն բնոյթի էսթէպլիշմընթներ, լուսանկարի եւ շռայլուած գեղեցիկ խօսքի առթած երջանկութենէն, տարբեր խորք, իմաստ եւ թանձրութիւն կու  տա՞ն հայ ազգային իրաւունքին, զայն կենսագործելու միտող քաղաքականութեան:

            Միջազգային անբարոյականութեան բեմի վրայ պատմութիւնը կը կրկնուի Արցախի տարածքին, որուն եկեղեցիները, սրբավայրերը, քաղաքներն ու գիւղերը տէր եւ անուն կը փոխեն: Որպէսզի Եւրոպան չմսի:

            Պրիւքսէլի նաւթ գնող մեծանուն քաղաքագէտ իմաստուններ, առանց նուազագոյն խղճահարութեան նոր անուանակոչումներու «քաւոր» պիտի ըլլան:    Ֆրանսան, Ամերիկան, Գերմանիան, պատմագէտներ ունին, տգէտ չեն: Տգէտ չեն անոնց դիւանագէտները: Այս պատճառով ալ բազմապատիկ յանցաւոր եւ անբարոյ են: Կամովին մեղսակից են ժողովուրդի մը իրաւազրկման եւ անոր հոգեմտաւոր հետքի բնաջնջման:

            Որպէսզի չմսին:

            Այդպէս բաներու համար Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսը դարձած է Քոզան: Ե՞րբ պիտի հասկնանք, որ մեզ իրաւազրկողին մեղսակիցները մեզի բարեկամ չեն, նոյնիսկ երբ որբանոցներ բացած են, երբ այդպէս բաներ կ’ընեն:

            Միջազգային համայնքը, իր մեծանուն մտաւորականներով, ղեկավարներով եւ առաջնորդներով եթէ խիղճի իրաւ պարտք համարէ սահմաններ եւ իրաւունք սահմանելու համար ճշմարտութեան մեկնակէտ ընդունիլ  պատմական հարազատութեամբ անուանումները, վերջ կը գտնէ կեղծիքի թատրոնը, որուն մէջ գէթ մենք յետին եւ անխօս դեր պէտք չէ խաղանք:

            Նախիջեւանը հայկական հող է, պատմութեամբ դրոշմուած հայու հայրենիք է: Մեր պատմաբանները եւ քաղաքական ղեկավարները պէտք է յիշեն եւ յիշեցնեն, որ ան մաս կազմած է Վասպուրականի: Երբ դադրինք յիշելէ, որ Նախիջեւանը Հայաստան էր, ընդունած կ’ըլլանք միջազգային նենգութիւնները, զայն արձանագրենք պատմութեան շահ-վնասի տոմարին մէջ, բնական կ’ըլլայ շղթայական հետեւութիւնը…Արցախ, վաղը՝ Արեւմտեան Ատրպէյճան, ինչպէս Քոզանը: Պարզ պէտք է ըլլայ որ հայրենիքը վաճառատուն չէ, ուր կարելի է որձեւէգ խաղերով, գիներու նուազումով, զեղչ-վաճառքով դիրքեր եւ շահեր հետապնդել:

            Վերականգնումի, ազգի եւ հայրենիքի ամբողջացման տեսիլք ունեցող գաղափարականով պիտի առաջնորդուի՞նք, պիտի ունենա՞նք այդ առաջնորդող ղեկավարութիւնը եւ հոգեբարոյական ընդարմացումը եւ բազմաբնոյթ քաղքենիացումը յաղթահարած եւ ինքզինքին դէմ յաղթանակ տարած ժողովուրդը, որ ինքնիրեն եւ աշխարհին  ըսէ, որ ինք համաշխարհային ազգ չէ, այլ պարզ ու վսեմ՝ հայ ազգ է: Բանաստեղծին հետ կրկնելով, որ՝ մենք մեզ ոչ ոքից չենք գերադասում, եւ պարզապէս հայ ենք եւ կ’ուզենք մնալ: Ա՛յս կ’ըլլայ այսօրուան եւ վաղուան իրաւութեամբ քաղաքականութիւն: Այս ընելու համար ալ դիմակները վար պէտք է առնել: Եւ վերականգնիլ՝ ունենալով ամբողջի եւ ամբողջացման  տեսիլք, հակադրուելով «դուք հոն մենք հոս»ի դաւաճանական վերաբերումներու:

            Կրնա՞նք: Պիտի ուզե՞նք:

            Տեսիլք եւ յանձնառութիւն՝ վասն գոյութենական իրաւունքի, մեզ կրծած եւ կրծող մասնակին եւ թաղայինը յաղթահարելով: Մի՛շտ ներսը եւ դուրսը: Ապա թէ ոչ, ե՛ւ ներսը ե՛ւ դուրսը, ազգը եւ հայրենիքը կը դառնան անմիջուկ ընկոյզ, որուն մէջ ամէն օր ծագող արեւին հետ կը խցկենք բազմանուն եւ բազմագոյն ինքնագոհներու թաղային աղմուկի «կուսակցութիւն»ներ, իրենց ամուլ «էսթէպիշմընթ»ներով:

            Յանձնառութիւն եւ տեսիլք՝այսօ՛ր:

             Յաճախ կը յիշեմ Իւնեսքոյի նախկին տնօրէն Ֆետերիքօ Մայորի խօսքը, որ՝ «վաղը միշտ ուշ է»…

Մեծն Պղատոն խօսած էր ինքնամաքրման, “catharsis »-ի մասին: Ժողովուրդը այդ յեղափոխութիւնը այսօ՛ր պէտք է իրականացնէ, լսելով Ֆետերիքօ Մայորի անպաճոյճ իմաստութիւնը:

            Ի հարկէ՝ «ամէն տեղ՝ ուր հայ կայ»:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles