Լրահոս

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԻՇԻԿԸՆ

Կիրակի, Հոկտեմբեր 8-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան Սուրբ Պատարագ մատոյց Տիրպորնի (Միշիկըն) Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Յընթացս Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դպիր ձեռնադրեց հետեւեալ 12 պարման-պարմանուհիները՝ Սարին Շէրպէթճեան, Սերժ Շէրպէթճեան, Ճոզէֆ Կարապետեան, Վարդան Կարապետեան, Լոռի Գէորգեան, Նարեկ Գէորգեան, Հայկ Նազարէկեան, Ճէյքոպ Շլեչըր, Լուքաս Շլեչըր, Ալեքսան Թոփուզեան, Ցոլին, Զուլքիեւսկի եւ Վիգէն Զուլքիեւսկի։ Ան նաեւ կիսասարկաւագութեան աստիճան շնորհեց Ալեքսանտր Քուրքէչեանին եւ Պերճ Վարդանեանին։

Սուրբ Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ նշուեցան եկեղեցւոյ 61-րդ եւ համայնքին 91-րդ տարեդարձները։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Հրանդ Քհնյ․ Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ բոլոր մարմիններուն եւ ծխականներուն գործակցութեան համար։ Նաեւ յիշեց նորոգ ձեռնադրեալ կիսասարկաւագներուն հաւատարմութիւնը եկեղեցւոյ հանդէպ։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց  Քահանայի ձեռներէցութիւնը, որով հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութեանց անսակարկ զօրակցութեամբ եկեղեցւոյ եւ սրահին ամբողջական վերանորոգումը յաջողցուցած էին անցնող տարեշրջանին։ Նաեւ դրուատեց երիտասարադութիւնը, յատկապէս համալսարանական երիտասարդները համայնքին կապելու ձգտող ծրագիրները։ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով պսակուեցաւ յիշատակելի այս տօնախմբութիւնը։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button