1918-ին Ստեղծուած Ատրպէյճանը Հազարաւոր Տարիներու Հայկական Հողերը Իրը Կը Նկատէ, Այնպէս Ինչպէս 1948-ին Ստեղծուած Իսրայէլը Հազարաւոր Տարիներու Պաղեստինը Իրը Կը Նկատէ – Պաղեստինցիներուն Արդար Ու Նախանձելի Պոռթկումը. Իսրայէլ՝ Հայաստանի, Արցախի Ու Լիբանանի Չարիքներուն Ստոյգ Մեղսակիցը

6 0
Read Time:6 Minute, 20 Second

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
9 Հոկտեմբեր 2023

Իսրայէլի կատարեալ ամբարտաւան վարչապետ Նեթանիահուն եւ Իսրայէլը ուղղակի՛ մեղադրող, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն ցոյց տուած իր քարտէսները:

1. Սկսինք Լիբանանի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դաժան սպանութեան դէպքէն:
Իսրայէլի կողմէ հրահրուած եւ անոր մասնակցութեամբ, Լիբանանի 15 տարի տեւած քաղաքացիական պատերազմէն ետք, Վարչապետ Հարիրի 1992-ին, մեծ ծրագիրներով ստանձնեց երկրին վարչապետի պաշտօնը: Հարիրի Լիբանանը պիտի վերածէր արաբական աշխարհին՝ ծոցի երկիրներուն եւ աշխարհի միջեւ կապը՝ դուռ-պատուհանը եւ դրամատունը: Ի՞նչ էին Հարիրիի գլխաւոր ծրագիրները:

Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը:

 

Ամերիկեան հովանաւորութեամբ, Պէյրութը փոխարինող այսպէս կոչուած՝ «Աբրահամ համաձայնութեան» բեռնատար ուղիները՝ Հայֆայի նաւահանգիստէն դէպի Ռիատ, Պահրէյն, Տուպայ եւ Օման՝ մայրուղի եւ երկաթուղի. ՄԱԿ-ի ամպիոնէն Նեթանիահու կարմիր հաստ գրիչով Հայֆայէն Տուպայ նոր ուղիին ծրագիրը յայտնեց ու գծեց:

ա. Ընդլայնել ու արդիականացնել Պէյրութի օդակայանը, որ կատարուեցաւ:
բ. Երկրին հաղորդակցութեան միջոցները՝ հեռաձայն, բջիջային, համացանց եւ այլն զարգացնել, որ կատարուեցաւ:
գ. Պէյրութի նաւահանգիստը ընդլայնել, որպէսզի ծառայէ արաբական աշխարհին: Այս ալ եղաւ:
դ. Պէյրութ-Դամասկոս Համա-արաբական արագ մայրուղիի կառուցում, որ ընդլայնուած նաւահանգիստէն դէպի Միջին Արեւելքի արաբական աշխարհը բեռներ փոխադրէ: Չնչին մաս մը իրականացաւ:
Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ 30 մայիս 2003-ին, սակայն չգործադրուեցաւ, քանի որ այս բոլոր ծրագիրներուն մղիչ ոյժը՝ Ռաֆիք Հարիրի 14 փետրուար 2005-ին դաժանօրէն սպաննուեցաւ, շատ հաւանաբար Իսրայէլի կողմէ, որպէսզի Լիբանանը երբե՛ք արաբական աշխարհին նաւահանգիստն ու տնտեսական կեդրոնը չդառնայ: ՔԱՆԻ ՈՐ ԻՍՐԱՅԷԼ Ի՛ՆՔ Կ՚ՈՒԶԷ ԱՅԴ ԴԵՐԸ ՎԵՐՑՆԵԼ…: Փաստը՝ Նեթանեահուի քարտէսով ելոյթները ՄԱԿ-ի ամպիոնէն, եւ Ամերիկայի ճնշումով, կարգ մը արաբական ծոցի երկիրներուն յարաբերութեանց «բնականոնացումը» Իսրայէլի հետ, վերջինը՝ տակաւին անաւարտ՝ Սէուտական Արաբիոյ հետ «հաշտութիւնը»:
Յատկանշական է, որ լիբանանեան դիմադրութիւնը՝ Հըզպալլան, ինչպէս այլ առիթներով ալ, գաղտնազերծած էր իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի մը տեսախցիկին՝ կեդրոնին հետ կապը, որ ցոյց կու տար թէ սարքը կը հետապնդէր Ռաֆիք Հարիրիի ինքնաշարժը՝ անոր ուղեւորութիւններուն ընթացքին, ներառեալ պայթումին վայրը: Թէեւ միջազգային ծիծաղելի ու զզուելի ատեան մը ստեղծուեցաւ, որ քանի մը անգամ կեղծեց ամբողջ եղելութիւնը, սխալ անձեր՝ ապահովութեան 4 պետերը գրեթէ 4 տարի բանտարկեց, ապա ազատ արձակեց եւ այլն… Եւ երկիրը մտցուց աւելի խոր պառակտումի մէջ:

Պէյրութի շուրջ 5 քմ երկարութեամբ նաւահանգիստին հսկայ բեռնարկղներ փոխադրող, նկարին մէջ՝ 8000 (մինչեւ 24 հազար) նաւերու բաժինը:
Շրջապատէն կղզիացած երկիր՝ Իսրայէլի չափին համեմատ 3 քմ երկայնք ունեցող Հայֆայի հսկայ նաւահանգիստէն մաս մը, որ կառուցուած է, որպէսզի Պէյրութի փոխարէն՝ արաբական աշխարհը մատակարարէ:

Ոճիրներու պարագային, երբ ոճրագործին փնտռտուքը կը կատարուի, հիմնական հարցումը կ՚ըլլայ, թէ ո՞վ կ՚օգտուի տուեալ ոճիրէ մը: Այս պարագային մի՛այն թշնամի Իսրայէլը օգտուեցաւ, ուրեմն… Շատ հաւանաբար ինք գործադրեց Հարիրիի ոճիրը:
2. Իսրայէլ մէկ հրթիռով գործադրեց իր ծրագիրը, կործանելով Պէյրութի նաւահանգիստն ու Լիբանանի արդէն տարտամ տնտեսութիւնը, որ նաեւ փտածութեան համընթաց հետեւանք էր:
Նեթանիահու 27 սեպտեմբեր 2018-ին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ցոյց տուաւ իբրեւ թէ Պէյրութի մէջ Լիբանանեան դիմադրութեան՝ Հըզպալլային պատկանող զինամթերքի շտեմարաններ, մէկը՝ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ, եւ սպառնաց:
Յաջորդ օրը Հըզպալլան տեղական եւ օտար լրատուամիջոցները հրաւիրեց այդ վայրերը, ուր որեւէ զինամթերք չկար: Իսկ նաւահանգիստի շտեմարանը Հըզպալլային հետ որեւէ կապ չունէր: Այնտեղ ամբարուած էր խորհրդաւոր նաւէ մը 6-7 տարիներ առաջ գրաւուած շուրջ 2700 թոն սաստիկ վտանգաւոր, պայթուցիկ ամոնիա-բորակատ (ammonium nitrate NH4NO3), իբրեւ պարարտացուցիչ գործածուող նիւթը, որուն աղբիւրն ու նաւուն տէրը չյստակացան. մերթ Վրաստան, մերթ Ռումանիա… Այս նիւթը, ոճրային անփոյթ տնօրինումով մը, այդքան երկար ժամանակ պահ դրուած էր թիւ 12 շտեմարանին մէջ, կարծէք սպասելով աղէտի մը:

Նեթանիահու 27 Սեպտեմբեր 2018-ին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ցոյց կու տայ իբրեւ թէ Հըզպալլայի պատկանող զինամթերքի շտեմարանները եւ կը սպառնայ: Յաջորդ օրը Հըզպալլան լրատուամիջոցները հրաւիրեց այդ վայրերը, ուր որեւէ զինամթերք չկար: Իսկ նաւահանգիստի շտեմարանը Հըզպալլային հետ որեւէ կապ չունէր:
Իսրայէլի կողմէ Պէյրութի նաւահանգիստին ահաւոր պայթումը՝ 4 օգոստոս 2020-ին: Նեթանիահու սպառնաց ու գործադրեց:

Իսրայէլի վարչապետը ՄԱԿ-ի բեմէն արձակած սպառնալիքը 4 օգոստոս 2020-ին գործադրեց, ռազմական օդանաւէ մը արձակուած հրթիռի մը միջոցով պայթեցուց այդ շտեմարանը՝ կորիզային փոքր ռումբի համազօր ուժգնութեամբ, որ խլեց 200-է աւելի զոհ եւ շուրջ 7000 վիրաւոր, եւ մեծ թիւով առանց ապահով բնակարանի թողուց ժողովուրդը, պատճառելով հսկայական նիւթական վնասներ, շուրջ 15 միլիառ տոլար, մինչեւ 15 քմ շառաւիղով: Պայթումին զուգահեռ, շատեր լսեցին պատերազմական օդանաւի մը ձայնը, ես ալ լսեցի եւ կը վկայեմ: Իսրայէլ գրեթէ ամէն օր կը բռնաբարէ Լիբանանի օդային տարածքը, քանի որ Արեւմուտքին կողմէ Լիբանանին հակաօդային արդիական պաշտպանութեան ռազմամթերք ունենալը արգիլուած է…
Հեռատեսիլի պաստառէն լսեցինք նախագահ Աունի կոչը, Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնին. Խնդրեց, որ պայթումին վերաբերող արբանեակային լուսանկարներ տրամադրէ, սակայն կոչը անպատասխան մնաց, այնպէս՝ ինչպէս Հարիրին սպաննող պայթումին վերաբերեալ որեւէ արբանեակային նկար չտրամադրուեցաւ… որպէսզի ծածկեն բուն որճրագործին՝ Իսրայէլի ինքնութիւնը:
3. Տեսնելով իր օգնութեամբ դաշնակից Ատրպէյճանին «յաջողութիւնը»՝ քարտէսէն ջնջելու Արցախը, Իսրայէլ ՄԱԿ-ի բեմէն քարտէսի վրայ ջնջեց Պաղեստինն ու Կազան:

 

Նեթանիահու ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ցոյց կու տայ Միջին Արեւելքի իր քարտէսը, ուր Պաղեստինն ու Կազան գոյութիւն չունին՝ մաս կը կազմեն 1948-ի Իսրայէլին:
«Նոր Միջին Արեւելք» խորագիրով այլ քարտէս մը հանելով՝ Նեթանիահու կարմիր հաստ մատիտով կը գծէ Արաբական ծոցէն Իսրայէլ, այսինքնԾոցի երկիրներէն դէպի Հայֆայի նաւահանգիստ եւ անկէ դէպի Եւրոպա ուղին՝ բուռն ծափահարութեան արժանանալով…

Իսրայէլեան առաջաւոր «Հաարեց» օրաթերթն իսկ, յատուկ խմբագրականով մը, անդրադարձաւ Արցախի տագնապին՝ «Իսրայէլի մատնահետքերը կը գտնուին ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի ցեղային մաքրագործումին վրայ» խորագիրով: Այնպէս՝ ինչպէս Իսրայէլ շուրջ 15 տարի շրջափակուած կը պահէ 2 միլիոն բնակիչով Կազան, եւ անդադար ռմբակոծելով երկրամասը՝ կը կործանէ շէնքեր, խաղաղ բնակիչներ կը սպաննէ, Արեւմուտքին լռելեան քաջալերանքով: Ատրպէյճան օգտուեցաւ իր դաշնակից ու զինամթերք մատակարարող Իսրայէլի փորձառութենէն ու 9 ամիս Արցախը շրջափակելէ ետք, յարձակեցաւ Հայաստանի այս դաւաճան վարչախումբին կողմէ լքուած ու թշնամիին յանձնուած Արցախին վրայ, ցեղասպանութիւն գործադրելով:
4. Արցախի եւ Կազայի զուգահեռները եւ պաղեստինցի դիմադրութեան պոռթկումը:
Կազայի ինքնապաշտպանական դիմադրութիւնը՝ Համաս եւ այլք, ականատես եղան Իսրայէլի օգնութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի «բնաջնջումին» ու քարտէսներու վրայէն անոր ջնջումին, որ «աշխարհի» կողմէ շատ թիւրութեամբ ընդունուեցաւ: Ապա նաեւ՝ նոյն օրերուն ՄԱԿ-ի բեմէն Իսրայէլի վարչապետին ներկայացուցած քարտէսը, ուր Կազան ու Պաղեստինը ջնջուած էր ու երկա՜ր ծափահարութիւններ խլած:
Կանխարգելիչ քայլով մը՝ նաեւ, պաշտպանելու համար իսլամութեան երկրորդ սրբութիւն՝ Երուսաղէմի Ալ Աքսա մզկիթը, որ քանիցս սրբապղծուեցաւ Իսրայէլի կողմէ, դիմադրութիւնը, 7 հոկտեմբեր 2023-ին ճեղքեց ցամաքային, օդային ու ծովային շրջափակումը եւ յարձակեցաւ զիրենք դաժանօրէն բանտարկող ու յարատեւ սպաննող, ջարդող Իսրայէլի վրայ: Շատ բնական պոռթկում մըն է այս, որ անակնկալի բերաւ ու շփոթի մատնեց իբրեւ «անպարտելի» մեծ հռչակ շահած՝ ահաբեկչական պետութիւն Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգներուն անվերապահ հովանաւորութիւնը վայելող այս դաժան ու ցեղասպան երկիրը, որուն զոհը դարձաւ արաբական աշխարհը, նաեւ Հայաստանն ու Արցախը: Իսրայէլի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը ծագումով հրեայ, երկքաղաքացի ներգաղթողներ են, մինչ բոլոր պաղեստինցիները հողամասին բնիկ ժողովուրդն են:

Իրանի դէպի Միջերկրական ծով ցամաքային ուղիները՝ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի վրայով:

5. Ցամաքային ռազմավարական մայրուղիներու պատերազմներ:
Այժմու վայրագ աշխարհաքաղաքականութիւնը, որ Բ. Աշխարհամարտէն ետք Միացեալ Նահանգները կը կիրարկէ ամէնուրեք, ուղղակի՝ կամ Իսրայէլի, Թուրքիոյ եւ Ուքրայինայի նման երկիրներու միջոցով, անհրաժեշտ կը դարձնեն ապահովել ցամաքային ապրանքի փոխադրութիւնները: Հզօր պետութիւններ՝ Չինաստան, Հնդկաստանն ու Իրան կարիքը ունին ցամաքային այլընտրանքային ուղիներու, քանի որ Հորմուզի նեղուցը կամ Սուէզի ջրանցքը կրնան, որեւէ պահու փակուիլ՝ նաւեր ընկղմելով այնտեղ, պարտադրելով ծովային ուղին չափազանց երկարել, այսինքն, Եւրոպա հասնելու համար ամբողջ Ափրիկէի շուրջը դառնալ:
Տարօրինակ է, որ իր ժողովուրդէն գաղտնի, եւ անարգելով ու անտեսելով Հայաստանի սահմանադրութիւնը, մէկ անձի՝ վարչապետին ստորագրութիւնը բաւարար կը համարուի հազարաւոր տարուան մեր հայրենիքը յանձնելու թշնամիին:
Արցախով ապահով Հայաստանը պիտի ապահովէր Հիւսիս-Հարաւ մայրուղին՝ Իրանի, Հնդկաստանի եւ Չինաստանի համար, քանի որ Ատրպէյճանի կամ Թուրքիոյ մէջէն անցքերը վստահելի ուղիներ չեն, անոնք կ՚ենթարկուին Ամերիկայի կամ թուրանական ճնշումներուն: Այս է պատճառներէն մէկը, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան գործակցութեամբ՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ը ստեղծելով՝ Իրանն ու Հնդկաստանը պիտի կտրուին դէպի Սեւ ծով ուղիէն: Այժմ այս հարցին շուրջ կը կեդրոնանայ Հայաստանը առեւանգած եւ թշնամիին հողեր նուիրող դաւադիր վարչախումբին ազգակործան յաջորդ քայլերէն մէկը, որ ՈՐԵՒԷ ՄԻՋՈՑՈՎ պէտք է կասեցուի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles