ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ԲԱՑԱԿԱՆ՝ ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ-ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 31 Second

«Հայկազեան» Հայագիտական Հանդէս թիւ 43/1
Խմբագրական

 

Ոչ-վարդապետական մտածումը, խօսքի եւ գործի ազատութիւնը շարժիչ ուժ կը հանդիսանան որեւէ հասարակութեան զարգացումին: Մտաւորականը, որ հասարակութեան հարցերը առարկայօրէն բարձրաձայնող անհատն է ու կը պայքարի զգուշաւոր, յարմարող, քարացած ըմբռնումներու եւ մտածելակերպի դէմ, կը հանդիսանայ հասարակութեան բարօր զարգացման հիմնատարր:
Իր յատկանշական արժանիքներով, ինչպիսիք են՝ քննախուզական միտքը, քաջութիւնը, խստապահանջութիւնն ու խոնարհութիւնը, անկախութիւնն ու լայնախոհութիւնը, մտաւորականը մարդկային ու ազգային արժէհամակարգերու յանձնառութեամբ, իրականութեան առնչուող տարբեր հարցերու անաչառ քննարկումներով, կը կոփէ հասարակութեան մշակոյթը: Ան հասարակութեան թերիները, ժամանակավրէպ նախաձեռնութիւնները համարձակ, առարկայականօրէն բնութագրելով, կը միտի սրբագրելու եւ նուազեցնելու բացթողումները, կը հաւասարակշռէ անհամաչափութիւնները` ի հարկին օրուան իշխանութիւններն ու հասարակութիւնը անհանգստացնելու գնով:
Վերոյիշեալ հաստատումներուն լաւագոյն օրինակը ԺԹ. դարու հայկական զարթօնքն է, որուն գլխաւոր յառաջամարտիկներն էին հայ մտաւորականները, որոնք տարաբնոյթ հարթակներէ եւ զանազան վայրերէ յաջողեցան հայութիւնը բարձրացնել նախորդ դարերու խաւարեալ վիճակէն:
Արդարեւ, ԺԹ. դարու հայկական ներքին կեանքը մշակուեցաւ հայ մտաւորականութեան վճռական ներգործութեամբ: Մտաւորականութեան եւ դրամատէր խաւին սերտաճումին արդիւնքն էր Ի. դարասկիզբի հայ մշակոյթի բացառիկ վերելքը, որուն արեւմտահայ մշակներուն մեծ մասը զոհ գնաց Եղեռնին:
Սփիւռքացող արեւմտահայ իրականութեան մէջ, 1920-50-ականներուն նկատառելի էր ներկայութիւնը մտաւորականութեան եւ մտաւորական խառնուածքով որոշումնառու ղեկավարութեան: Այս սերունդէն թրծուած եւ անոր յաջորդող 1950-80-ականներու ղեկավարութիւնը որոշ չափով պահպանեց այդ ուղեգիծը, թէեւ տակաւ նկատուեցաւ մտաւորականութեան դերին եւ տեղին աստիճանական նահանջը:
Ի. դարավերջին, որոշումնառու մարմիններու մէջ աչքառու էր լուսանցքայնացումը մտաւորական տարրին, որ կորսնցուց իր կշիռը, տեղն ու դերը այդ կառոյցներուն մէջ, յառաջացնելով անհաւասարակշռութիւն մը որ չէր համապատասխաներ սփիւռքահայ դժուարացող կացութեան դիմաց ակնկալուող քայլերուն: Յիրաւի, խաթարուած էր արժէհամակարգը, նեղցած՝ ազգային տեսլադաշտը, նուազած՝ ռազմավարական արդիւնաւէտութիւնը:
Այս եւ այլ գործօններով, այսօր սփիւռքահայութիւնը կը խարխափէ իր ինքնութենականինքնավերստեղծման յանձնառութիւններուն մէջ:
Ահա թէ ինչու՛ ազգային անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է անկախ մտաւորականութեան դերին ու տեղին վերականգնումը:
Արդարեւ, սփիւռքահայ աշխարհիկ եւ կրօնական հաստատութիւնները իրենց մտաւորական անդամներով ու համակիրներով կը հետեւին որոշակի իրենց յատուկ վարդապետութեան մը: Հետեւաբար, այդ կառոյցները ո՛չ առանձինն, ո՛չ ալ միասնաբար կ’ունենան ՀԱՄԱհայկական բնոյթ, տեսադաշտ եւ գործելադաշտ: Վերոյիշեալ երկու էոյթներուն կողքին, առաջնորդական ծիրէն ներս համալրում եւ նոր որակ կրնայ հաղորդել անկախ մտածողութեան տէր մտաւորականութիւնը, որ հասարակութեան առջեւ ծառացած խնդիրներուն լուծման բազմաթիւ ընտրանքներ կ’առաջարկէ, տեսակէտ գոյացնելու այլազան մօտեցումներ կ’առաջարկէ՝ նուիրականացնելով ազգային հարցերու մէջ բազմակարծութիւնը եւ կեցուածք գոյացնելու այլընտրանքային իրաւունքը: Այդպիսով է, որ հասարակութեան մը զարգացման կարեւորագոյն էատարրը՝ ժողովրդավարութիւնը, կը դառնայ հաստատուն:
Հարցը ո՛չ թէ մտաւորականներու չգոյութիւնն է, այլ մտաւորականութեան ազդեցութեան բացակայութիւնը. ո՛չ թէ անձերու՝ այլ անոնց բարձր ու ազդու ձայնին. ո՛չ թէ անհատական աշխատասիրութիւններու, այլ կարծիքի ձեւաւորման մէջ կշիռ ունեցող խօսքին ընդունման, որդեգրման եւ գործադրման, ոչ թէ համացանցային մակերեսային, արագ քննարկումներու, այլ՝ խորաթափանց վերլուծումներու, թէկուզ առցանց:
Արդ, նման իրավիճակ մը գոյացնելու համար, ընթացակարգի հիմնական տարբերակներէն է հանրային մարզերուն մէջ տարբեր ըսելիք ունեցող մտաւորականներուն տեղի տրամադրումը:
Սա պիտի քաջալերէ մտաւորական թրծուածքով երիտասարդները, համալսարանականները՝ բարձրաձայնելու իրե՛նց ալ կարծիքը: Հասարակութեան մէջ ինքնաբերաբար պիտի գոյանայ համեմատաբար առողջ մթնոլորտ մը, որ ապագայի հաշուոյն, պիտի թափանցէ դպրոցներէն ներս, որոնց կրթական ծրագիրերը պիտի ենթարկուին արմատական բարեփոխումներու, կեդրոնական տեղ տալով քննական մտածողութեան ու կարծիքի ազատ արտայայտութեան: Սա ժողովրդավարութեան առաջին օրինակը կրնայ հանդիսանալ վաղուան մտաւորականին, որ պատանութենէն կը վարժուի ազատօրէն արտայայտուելու եւ լայնախոհաբար լսելու:
Այսպիսով, ժամանակի ընթացքին կ’ամրապնդուի անկախ մտածողութեան մշակոյթը, որ վերստին կեանքի կը կոչէ հաւաքականութիւնը, յանուն բարօր եւ պայծառ ապագայի:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles