ԱՐՑԱ՞ԽՆ Է ԱՆՁՆԱՏՈՒՐ, ԹԷ՞ ՊՈՌՊՌԱՑՈՂ ԱԶԳԸ ԵՒ  ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԸ

0 0
Read Time:5 Minute, 12 Second

 

Յ. Պալեան

Յոռեգոյն սխալը ձախողութեան  մէջ չէ, այլ՝  անոր տիրապետելու անկարողութեան:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Միթերան,  Ի դար

 

            Եթէ ամօթը քաղաքականութեան մէջ հիւլէի չափ տեղ ունենար…

            Եթէ քաղաքականութիւն խաղցող մեծեր եւ նուազ մեծեր ամչնալ գիտնային, հարա-քիրի կ’ընէին եւ ժողովուրդներուն կը խնայուէր նախնական անտառի օրէնքը կրել: Ուրիշ բացատրութիւն կա՞յ բնորոշելու համար այն չարութիւնը, որ հազարաւոր տարիներ իրենց հայրերու հողին վրայ ապրած մարդոցմէ խլուի այդ հողը, ուր կայ պատմութիւն, դարերու ընթացքին հիւսուած ինքնութիւն եւ մշակոյթ:

            Անտառի օրէնքով ժողովուրդի մը հայրենիքը կը բռնագրաւուի, կ’օտարուի անոր հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը, ստեղծելով անոր ոչնչացման պայմանները:

            Այդ երէկ էր. Արեւմտահայաստան, Անի, Վան, Աղթամար,Կարս, Մուշ, Սասուն, Կիլիկիա… Այսօր. ԱՐՑԱԽ, Շուշի, Ստեփանակերտ, վանքեր, եկեղեցիներ, արմատախիլ եղած եւ եղող հազարաւորներ:

            Եւ միշտ ցեղասպանական խորքի պաստառի վրայ:

            Քաղաքակիրթի պարեգօտ հագածներ եւ մարդու իրաւունքէ ճառող ժողովուրդներ, անոնց ղեկավարները, պետութիւնները, իրապէս հրաժարա՞ծ են անտառի օրէնքէն, յափշտակելու, կողոպտելու եւ ջարդելու իրենց բնազդէն: Փաստը այն է որ, օրէնք, բարոյականութիւն, քաղաքակրթութիւն, ոճիր եւ չարաշահում շպարելու աճպարարութեան դիմակահանդէս, կը խաղցուի ամպագոռգոռ անուններով ժողովներու մէջ, միամիտները ոտքի քնացնելով:

            Նոյն    անտառի օրէնքի թատրոն է թուրք-ազերի նախայարձակումը, որ կը միտի Հայաստան եւ հայութիւն ոչնչացնելու, բռնագրաւումով, շրջափակումով, սովամահութեամբ սպանութիւններով:            

Պոռպռացողներ, մոլորակի ճակատագիրը որոշողներ,  ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆ, առանց երբեք ըսելու, թէ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ ընելով՝ դատապարտութեան իմաստ պիտի տան, որպէսզի իրենց խօսքը եւ աղմուկը փուչիկ չըլլան: Այդպէս եղան եւ են ցեղասպանութեան ոչ մէկ հետեւանք ունեցած ճանաչումները: Այսօր ալ նոյն աղմկարարութեամբ կը դատապարտեն Ատրպէյճանի նախայարձակումը եւ անոր ցեղապաշտական մաքրագործման քաղաքական ընթացքը:

Դատապարտութենէ ետք Ի՞ՆՉ:

            Դատապարտութեան խօսքերը մխիթարական թմրեցուցիչներ են, աւելի ճիշդ՝ իրաւազրկուած եւ իրաւազրկուող հայերուն տրուած անբովանդակ դեղամիջոց, փլասեպօ, զոր գոհունակութեամբ կուլ տալու աւանդութիւն ունինք:

            Պետութիւն եւ քաղաքականութիւն խաղցող սփիւռքներ, փոխանակ երախտագիտական ծափերով ընդունելու «ճանաչում» եւ« դատապարտութիւն», երբ չկան անոնց յաջորդ քայլերը, որոնք պէտք է իմաստաւորեն զանոնք, գործնապաշտ եւ իրատես, համեստ եւ ոչ-համեստ ամերիկացիին պէս, ինչո՞ւ դատարկ խօսքերու վարպետներուն չեն ըսեր՝ «պուլ շիթ», եզան թրիք: Դեռ կա՞յ աւելին կորսնցնելու վախ, որպէսզի քամակ ծռենք:

            Եթէ հնար եւ իշխանութիւն ունենայի դատարան կը տանէի բոլոր անոնք որոնք իրենք իրենց շնորհած են դատաւորի եւ իրաւարարի իրաւունք: Անոնք ըլլան մեծ թէ պզտիկ իշխանաւորներ, որոնք կը կոչուին Միացեալ Ազգեր, Ապահովութեան Խորհուրդ, Միջազգային մարդկային իրաւանց դատարաններ: Շարքը երկար է:

            Հետեւիլ եւ պարզ ամերիկացիի կոշտ ընդվզումին: Ան երբ չիհաւատար կամ չի գնահատեր  գաղափար մը, առարկայ մը, դատում մը, կ’ըսէ՝ «պուլ շիթ»… եզան թրիք, այսինքն՝ «զրոյական»… Եթէ հայերը այդ ըսել գիտնային, կը համախմբուէին, դատարկաբանութիւններուն եւ դանիացիգրող  Հանս Անտերսընի նկարագրած նկարագրած մերկ արքայիկներուն կ’ըսէին՝ որ մերկ են:

            Եթէ քաղաքականացած եւ իր իրաւունքին տէր ազգային հանրութիւն ունենայինք, իրաւ հայրենասէր  եւ իրաւ հայրենատէր ըլլայինք, մենք մեզի եւ մեր այս կամ այն բնոյթի առաջնորդներուն հարց կու տայինք, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հոս հասանք: Այսքա՜ն կորուստներ, հայրենիքի, կեանքերու, ժառանգութիւններու, կ’ենթադրեն պատասխանատուութիւններ: Ինչպէ՞ս կարելի է ղեկավարել, երբ համբակ նաւապետի պէս չենք գիտեր, թէ ո՞ւր խութեր կան, որ երբ փոթորիկ ըլլայ, ինչպէ՞ս դիմակայել զանոնք:

            Մանաւանդ իմաստութիւն կ’ունենայինք եւ չէինք խաղար սկսնակ կախարդի դեր, բեմերու վրայ եւ հեռատեսիլի պատուհանին առջեւ շորորալով, ֆրանսացին կ’ըսէ՝ «apprenti sorcier»: Բարեկամը, նուազ բարեկամը եւ թշնամին կը գիտնայինք զատորոշել:

            Այսպէս, Ռուսիոյ հակադրուելու ընտրանքը քաղաքական պերճանք էր եւ է, որ հիմա դարձած է պատուհաս: Ստեղծուած է  այն կացութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյատեւումը, նոյնիսկ նուազուրդի ենթարկուելով, կախում պիտի ունենայ Անգարայի բարի կամեցողութենէն, եթէ նման բան կարելի է երեւակայել:    Ազրպէյճանաթրքական տիրակալական-կայսերական ձգտումները, ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն, «մինիմալիստական» չեն, «մաքսիմալիստական» են, եւ չեն վերաբերիր միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Արեւմուտքի, արաբներու, Պարսկաստանի, որպէսզի վերականգնի Օսմանի կայսրութիւնը, ինչպէս կ’ուզէք կոչեցէ՛ք զայն, փանթիւրքիզմ, թէ՝ փանթուրանիզմ:

            Այսպիսի իրադրութեան մէջ իմաստուն առաջնորդը պիտի գիտնար ջոկել բարեկամը նուազ բարեկամէն, թշնամիէն:

            Պատմութեան դասը եւ փորձը միշտ աչքի առաջ պէտք է ունենալ: Առաջին Աշխարհամարտի աւարտի հզօր Բրիտանական կայսրութեան վարչապետ մը, գոյութենական պայքար մղող հայկական պետութեան չօժանդակեց, յայտարարեց, որ իր նաւերը Արարատ չեն բարձրանար, եւ նոյն հունով, «ասպետական Ֆրանսան», առանց փամփուշտ մը պարպելու, Կիլիկիան լքեց:        

Ռուսիան իր կայսրութիւնը վերականգնելու երազ ունի եւ Հայաստանը իրեն համար փոքրիկ դաշնակից է, իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մէջ առաջնահերթութիւն չէ, սակայն պէտք չէ անգիտանալ, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կապերը պատմական, մշակութական, քաղաքակրթական, սերտօրէն կապակցուած են, եւ մեծերու ակումբին մէջ խաղալու ցանկութեամբ,  Հայաստանի համար պերճանք  է երազներով առաջնորդուիլ, ինչպէս կ’ըսեն, եւ խոստումները կանխիկ դրամ համարել:             Քաղաքական վարքագիծ պէտք չէ ըլլան ռուսամէտը, հակառուսամէտը, արեւմտամէտը կամ թրքամէտը, վաղը չինամէտը կամ հնդկամէտը, այլ՝ հայամէտը, եւ ագգի եւ հայրենիքի ճակատագիր եւ գոյութիւն չդարձնել գիտաշխատանոցի առարկայ, ուր ամէն հասնող ինքնիրեն իրաւունք շնորհէ… փորձարկութիւններ ընել:

            Կը գտնուինք համազգային գոյութենական ՄԵԾ ԱՂԷՏի մէջ, որ կրկնութիւն եւ շարունակութիւն է:

            Պատմաբանը մեր վէճերը եւ ներազգային հակամարտութիւնները պիտի չարձանագրէ, այլ՝արդիւնք եւ եզրակացութիւն:

            Այսօր Ազգը եւ անոր բազմաթիւ ղեկավարութիւնները, մտաւորականութիւնը, մանաւանդ դեռ իր ընդոծին ողջախութիւնը պահած ժողովուրդը, մեծեր եւ նուազ մեծեր, հեռուն տեսնելու համար հարց պէտք է տան, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հոս հասած ենք: Իրատեսութիւն եւ քաջութիւն կ’ունենա՞նք դատափետելու մեր թերացումները, աւելին, մեր դատարկ փառասիրութիւնները, եւ անկարողութիւնները:

            Ինչո՞ւ պիտի չըսենք, որ մենք մեզ հասցուցինք Աղէտի:

            Ապա միայն, ոչ-սիրողական բանիւ եւ գործով փորձել վերականգնիլ, ըլլալ տէր մեր ճակատագրին:

            Եւրոպայի տարբեր քաղաքներէն հայեր Պրիւքսէլ գացին, Եւրոպայի տարբեր քաղաքներուն մէջ ցոյցեր եղան: Ցոյցեր եղան ամենուրեք ուր հին կամ նոր ստեղծուած հայկական համայնքներ կան:

            Ի՞նչ ըսինք եւ ի՞նչ պահանջեցինք:

            Ըսի՞նք, պիտի ըսի՞նք, որ քաղաքակիրթ եւ մարդկային իրաւունքէ ճառող Եւրոմիութիւնը, չմսելու համար, չզրկուելու համար Ազրպէյճանի կազէն ու նաւթէն, իր աչքերը խուփ պահեց ցեղային մաքրազտման եւ ցեղասպանական ճիրին դիմաց:

            Այսինքն՝ եղաւ մեղսակից: Կա՞յ ուրիշ բառ պիտակելու համար վասն նաւթի իր հոգին ծախած օրէնքէ եւ բարոյականութենէ ճառող Եւրոմիութիւնը:

            Եւ կրկին,       վաղը ամէնքն ալ խիղճ պիտի հանդարտեցնեն բարեսիրական միլիոններ խոստանալով,  ոճրաբոյր նաւթի համար իրենց արժանապատուութենէն հրաժարած «քաղաքակիրթ»-ներ… Անոնք քանի մը միլիոն պիտի յատկացնեն տնազուրկ- հայերուն: Անցեալին ալ այդպէս վարուած էին որբանոցներ բանալով, անարդարութեան եւ ոճիրին դէմ չանհանգստանալու թուլամորթի վատութեամբ, եւ այդ բոլորին համար… երախտագիտութիւն խաղցած ենք:

            Միշտ պէտք է յիշել Սիամանթոյի ընդվզումը. «Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քո ճակատին»…

Կրկին տուն-տեղ, հայրենիք, մշակութային ժառանգութիւններ կորսնցուցած եւ գաղթական դարձած են հարիւր հազարաւոր հայեր…

            Ամերիկացիին «պուլ շիթ»ը եւ Սիամանթոյի «թուք»ը եթէ բարձրաձայնենք, աւելի իրատես կ’ըլլանք, աւելի  լաւ կը լսուինք: Կը դադրինք շաբաթավերջի աշռայլուող եւ ճանաչումներու եւ դատապարտութիւններու «նէյնիմ»ներով պարելէ:

            Այսօ՛ր իսկ կրնանք tabula rasa ընել, մեր եսերը եւ անկարողութիւնները յաղթահարել, եւ սկսիլ հայրենատիրական ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄը, զոր ոչ ոք պիտի ընէ մեր փոխարէն: Այս ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ գործը պիտի ընէ ներսի եւ դուրսի ողջախոհ ժողովուրդը եւ անոր ազգային իրաւ հարազատութեամբ մտածող եւ գործող մտաւորականութիւնը:

            Գտնելով իրա՛ւ արժէքներու եւ անանձնական միացման ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles