ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԱՆՐԱԳՈՅՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 23 Second


«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Զարհուրելի են վերջին քանի մը օրերը, որոնց ընդհանուր վերնագիրն է Արցախի վերջնական կորուստն ու հայաթափման վերջին փուլը:
Հայոց Պատմութեան դիտանկիւնէն՝ դժուար պիտի ըլլայ նկարագրելը, բացատրելն ու պատմութեան արխիւներուն մէջ տեղադրելը։ Աւելի՛ն, ինչպէ՞ս կարելի է կուլ տալ Արցախի հանրապետութեան լուծարման «դեղահատը»:
Արցախի՝ իբրեւ առանձին, հայկակա՛ն միաւոր գոյութիւն ունենալէ դադրելու իրականութեան չափ դժուար է բռնագաղթուածներուն մասին խօսիլը, որովհետեւ եթէ առաջինը իրականացման հանգրուանին կը սպասէ յառաջիկայ տարեմուտին, գաղթականներուն տագնապը այսօ՛ր է եւ կը ծանրանայ ժամ առ ժամ: Ինչ որ կը տեսնենք պարզ աչքերով՝ մարդկային, հայկակա՛ն ողբերգութիւն, ցեղասպանութիւն հասկացութեան ամէնէն ցուցական արտայայտութիւններն են:
Արցախը կը պարպուի վերջնականապէս, 1 Յունուար 2024-ին պիտի վերցուի նաեւ աշխարհի քարտէսէն։
Այո՛ պարոն Հ․Հ․ վարչապետ։ Արդէն իսկ ձեզի համար ամանօրեայ նուէր մը պատրաստ է եւ Յունուար 1-էն անդին գոյութիւն պիտի չունենայ Արցախի հանրապետութիւնը։ Հաւանաբար անտարբեր ու ժպտուն դէմքով վճռես պաշտօնապէս. «Արցախը Ատրպէյճան է․․․եւ վերջ»։
Հոն հասնելէ առաջ, կեդրոնանանք այսօրուան ողբերգութիւններուն վրայ: Բերձորի յոյսի ճամբան կը գործէ մէկ ուղղութեամբ։ «Յոյսի ճանապարհ»-ը, հակառակ անտառներով շրջապատուած ըլլալուն՝ հիմա կը յիշեցնէ 1915-ի բռնագաղթի օրերու անդնդախոր եւ անապատային ճամբաները։
44-օրեայ պատերազմի երրորդ տարելիցը չյիշատակուեցաւ, այլ կրկնուեցաւ հազիւ 24 ժամ տեւողութեամբ ազերիական լայնածաւալ յարձկումով։
Հայրենիքի պաշտպաններուն համար, ստեղծուած կացութիւնը պատմութեան արիւնալի մէկ կրկնութիւնն էր։ Հողին կառչած դիւցազնական հերոսները բուռն ճակատամարտ մղեցին, «զարկին ու զարկուան, ինկան քաջ-քաջ»։
Արցախցի պաշտպաններուն տրամադրութեան տակ եղող զինամթերքը անբաղդատելի էր թշնամիին գերարդիական ռազմամթերքին դիմաց։ Կատաղի էր վերջին ճակատամարտը, ուր անգամ մը եւս ել-օդային կամ անօդաչու սարքերով «տրոնամոյն» եղան մեր նահատակները: Անմեղ քաղաքայիններ դարձեալ սուղ վճարեցին իրենց կեանքերով:
Պատմութեան սեւ ու կարմիր էջերուն մէջ պիտի յիշուին այս օրերը։
Սակայն նոյնքան վրդովեցնող ու ընդվզեցուցնող են նոյն օրերուն Երեւանի մէջ պատահած դէպքերը։ Հոն ալ, Հիւսիսային պողոտայէն ու մօտակայքէն կը հասնին «կարմիր լուրեր»։ Այս անգամ թշնամին ազերին չէ, ոչ ալ հայրենի հողի պաշտպան ու ներկայ կամայական ղեկավարութեան կողմէ դիտմամբ չքացած բանակը, այլ կարմիր գլխարկ կրող ոստիկանները, որոնց վստահուած է պարզ ու մեկին պարտականութիւն մը՝ միայն ու միայն պաշտպանելը վարչապետին եւ կողքին քալողներուն անձերը։ Արդեօք այս «առաքելութիւնը» պիտի շարունակեն, մինչեւ որ Հայաստա՞նն ալ մատնուի Արցախի ճակատագիրին…
Աւելի քան տասը հազար հաշուող ոստիկանութիւն մը՝ որուն պարտականութիւնը անդորրութեան պահապան կանգնիլ չէ, այլ պայքարիլ հայրենի հողերը եւ ժողովրդավարութեան պահպանումը պահանջողներուն դէմ։ Բռնարարքները գաղտնի չեն, այլ կը կատարուին լրատուական ոսպնեակներու աչքին առջեւ. հուժկու եւ ընտրեալ «մկանակոյտ»-եր առանց այլեւայլի կը յարձակին արդարօրէն իր ցասումն ու բողոքը արտայայտող երիտասարդին, մատղաշ պատանիին, ընդդիմադիր անձնաւորութեանց, «փափկասուն տիկնանց» եւ նոյնիսկ ալեհերին վրայ, խլելով հայրենի եւ արցախեան եռագոյնը եւ բռնի ուժով փոխադրելով ոստիկանատուն։
Պատճա՞ռը. որովհետեւ իրենց «պոս»-ը այդպէս հրահանգած է։ Ա՛յն «պոս»-ը՝ որ քանի մը օր առաջ կը յոխորտար, որ ինք է վարչապետը եւ երկիրը կախեալ է իր կամքէն: Կարմիր գլխարկաւորները հող չէ որ կը պաշտպանեն, այլ էակ մը (խեղճ՝ էակը եւ շուրջինները), անձ մը, առանց հասկնալու, որ հողը կայ ու կը մնայ, ՊԷ՛ՏՔ Է ՄՆԱՅ, մինչդեռ այդ անձ(եր)ը անցողակի է։ Եւ այդ անձը Արցախը հռչակած է ազերիական հող, պատրաստ է Հայաստանէն հողեր, ի յարկին ամբողջ երկիրը յանձնելու թշնամիներուն:
Այդ հուժկու անխիղճները պատրաստ են մինչեւ իսկ մահացու հարուածներ ուղղելու անմեղ ցուցարարներուն։ ՔՊ-ական «ուսապարկ» մը այս իմաստով սպառնալիք ուղղեց հրապարակաւ…
Ո՜վ հայ ժողովուրդ, այս «սխրանքներուն» հեղինակը հայորդին է, հայանուննե՛ր, եւ ո՛չ թէ սահմանին կանգնած թշնամին։ Երբ դուն ձեռքերդ կը լուաս հայրենիքի տիրութեան նուազագոյն պարտականութիւններէն ու կը հարուածես պաշտպանողը, թշնամին ու բարեկամ-դաշնակից լայն ասպարէզ կը գտնեն իրենց հաշիւներով գործելու անկաշկանդ:
Այս «կարմիր գտակաւորներ»-ը պէտք է անյապաղ գիտակցին, որ ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱՑԻԻՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐը այդ չէ։ Տարբեր բանով պայմանագրուած են հայորդին, հայ պատանին, երիտասարդն ու ոստիկանը։
Ո՜վ ոստիկաններ. չէ՞ք տեսներ, որ հոն՝ խլուող Արցախի մէջ, ձեզի հասակակից կամ աւելի՛ մատղաշ հերոսներ ահարկու թշնամիին դէմ պատերազմեցան ու նահատակուեցան, իսկ դուք ձեր ֆիզիքական գերակայութեամբ կը փորձէք հերոսութի՞ւն խաղալ Երեւանի սրտին մէջ։
Հայորդին արդէն կը զարթնի եւ հաշիւ կը պահանջէ բոլոր յանցաւորներէն ու դաւադիրներէն: Ափսո՜ս. դուք շուտով պիտի զղջաք, որովհետեւ մեղսակից էք նորօրեայ «Անին ծախուեցաւ»-ին, դարձած էք վարձկան գործիքներ ոճիր եւ սադրանք սարքողներուն։ Մեր պատմութեան անիւը չի կրնար երկար թաւալիլ անկումի ճամբուն: Կասկած չկայ, որ ձեր ձեռքերը շուտով պիտի միացնէք հայրենիքի փրկութեան համար պայքարողներուն:
Ողբերգութիւններու էջերը կարելի է փակել եւ պիտի փակենք բոլոր ձեռքերու միացումով:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
33 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
67 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles