ԱՐՑԱԽԷՆ ԵՏՔ ՍԻՒՆԻ՞Ք

0 0
Read Time:2 Minute, 0 Second

 Ա.Ա. 

Հայկական սխալ եւ հակասութիւններով լեցուն դիւանագիտութիւն, շրջանային քաղաքական դերակատարներու միջեւ յարաբերութիւններու վերանայում, կովկասեան իրավիճակներու մէջ փոփոխութիւններ, աշխարհաքաղաքական կացութիւններու մէջ նոր իրավիճակներ։ Ահա այն բոլոր պատճառները, որոնք յանգեցուցին Արցախի հայաթափման, որուն ականատես ենք այս օրերուն, տասնինը սեպտեմբերին շղթայազերծուած ատրպէյճանական զինուորական գործողութենէն ետք։

Զինաթափում եւ հայաթափում։Երկու բառեր, որոնք ամբողջ հայաշխարհը ցնցեցին եւ Արցախի հարցին ատրպէյճանական պարտադրուած լուծման համար եղան մահացու հարուածներու համազօր իրավիճակներ։ Ցնցումը եւ հարուածը այնքան ուժեղ են,որ հայաշխարհը ամբողջ ալեկոծուեցաւ։ Ոմանք ջանացին յանցանքի իրենց բաժինը բարդել ուրիշին ուսերուն, Երեւանի իշխանութիւնները փորձեցին Պիղատոսեան քաղաքականութիւն մը վարել, շրջանային ուժերը ձեռնածալ դիտեցին, իսկ միջազգային որոշումներու օրրաններն ալ բաւականացան կոչերով։ Արդիւնքը սակայն շատ ծանր էր հայութեան համար։ Բոլորին աչքերուն առջեւ Արցախ մտաւ հայաթափման փուլը, որ յառաջիկայ օրերուն ալ պիտի շարունակուի՝ մեկնելով ապահովական մտահոգութիւններէ եւ վտանգներէ, որոնք Դամոկլեան սուրի մը նման կախուած են Արցախի վերեւ։

Ներկայ պայմաններուն մէջ գլխաւոր հարցումը, որ կը ծագի, կապ ունի հայկական դերակատարութեան հետ։ Իսկապէս ով պատասխանատու է այս քաոսային վիճակին։ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ռումբ պայթեցուց, երբ յայտարարեց,որ Հայաստանի վարչապետը տեղեակ էր, որ զինուորական գործողութիւն մը պիտի կատարուի։ Ապա սպասում՝ հայկական հերքման։ Ապա գետնի վրայ զարգացումներու չափազանց արագ եւ գլխապտոյտ պատճառող հոլովոյթներ, որոնք  ամբողջ հայութիւնը դէմ յանդիման դրին շատ բարդ իրավիճակներու։ Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնենք Երեւան – Մոսկուա լարուածութիւնը եւ անկէ բխած իրավիճակները, ապա պատկերը մասամբ մը կը յստականայ, թէ Բերձորի միջանցքին փակումէն, Արցախեան ամբողջական շրջափակումէն մինչեւ Աղտամ – Ստեփանակերտ ճանապարհը գործարկելու ատրպէյճանական առաջարկ եւ ապա այդ ճանապարհով ապրանքներու փոխադրութիւն, դիւանագիտական ինչպիսի աշխատանքներ կատարուեցան Երեւանի  իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք այսօր կը յայտարարեն, որ այն արցախցիները, որոնք Հայաստան կ՛ուզեն խոյս տալ, պատրաստ են ընդունելու զանոնք։ Այսինքն Արցախ գլխացա՞ւ էր եւ ահա լուծումը ասիկա՞ է։

Սակայն անխուսափելի իրականութիւնը այն է, թէ Արցախի հայաթափման հոլովոյթը ի զօրու է։ Այլ խօսքով ա՛լ սին ու անիմաստ խօսքեր են Արցախի հանրապետութիւն, Արցախահայութեան իրաւունքներ, Ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ լուծում՝ միջազգային կողմերու հովանաւորութեամբ եւ այլ ձեւակերպումներ։ Ասոնք բոլորը յօդս ցնդեցան։ Որո՞ւ  եւ որո՞նց դերակատարութեամբ, ի գին ինչի շատ արագ սպառեցաւ հայկական ներուժը, որ այսօր հազարներ եւ հազարներ խոյս կու տան Արցախէն՝ իրենց տուն ու տեղը, հողերը, պարտէզները, արտերը, դպրոցները, եկեղեցիները, հարազատներուն գերեզմանները, Արցախեան գոյապայքարին ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներուն դամբարանները թշնամիին ձգելով։ Ա՛հ ներողութիւն թշնամի բառին համար։ Ներկայիս խաղաղութեան հասնելու ժամանակաշրջան է եւ ճիշդ չէ՞ արդեօք ատրպէյճանցին թշնամի կոչել։

Այս բարդ հոգեվիճակներ պարտադրող ընդհանուր կացութեան մէջ տակաւին մտահոգուելու այլ պատճառ մըն ալ գոյութիւն ունի։ Սիւնեաց աշխարհը։ Ինչ կը սպասէ Հայութեան հերոս զաւակներ տուած Սիւնիքին։ Ասիկա է նաեւ միտք չարչրկող հարցում մը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles