ՉՄՏԱԾԵԼ ԵՒ ՉԳՈՐԾԵԼ ԱՌԱՆՁԻՆ, ԸԼԼԱԼ ՄԻԱՍԻՆ, ՆՈՒԱՃԵԼ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ

0 0
Read Time:8 Minute, 50 Second

 

Յ. Պալեան

24 Սեպտեմբեր 2023

Փարիզ

 

«Ան որ չի շարժիր չի զգար իր շղթաները»:

Ռոզա Լիւքսամպուրկ,  գերմանացի համայնավար յեղափոխական, 1871-1919

 

            Մեր ժողովուրդի պարտութիւնները, ձախողանքները եւ գլխուն կախուած  սպառնալիքները, տեսանելի եւ անտեսանելի, հայ անհատը եւ հաւաքականութիւնները պէտք է մղէին մտածելու, դատելու, արժեւորումներ ընելու, փոխանակ աւաղելու, խրելու յռռետեսութեան եւ ճակատագրապաշտութեան մէջ, ինքնարդարացման փաստարկներ փնտռելով եւ պառակտուելով:

            Պարտութիւն եւ ձախողանք եւ միշտ առկայ փորձութիւններ բաւարար չեն առանձին չգործելու, առանձին մտածելով մարգարէանալու, «թաղային հեղինակութիւններ»ով չբաւարարուելու:

            Հայաստան, եւ սփիւռք(ներ), մեր օրերու ազգային-քաղաքական բարդութիւններու հարցերով կիրք, փոխադարձ մերժումները արդարացնող բանգիտական «ճակատ»ներ կան: Մարդիկ ո՛չ կ’ուզեն լսել, ո՛չ ալ լուսաբանուիլ: Սեւեր եւ ճերմակներ: Անհաշտելիներ, ո՛չ մրցակիցներ,  այլ՝  թշնամիներ:

            Կրնա՞նք երազել, որ վաղը, քանի մը շաբաթէն, ամիսէն, ներազգային համախոհութիւն մը պիտի գոյանայ, որպէսզի հաւաքական ուժերով յաղթահարենք անփառունակ պարտութիւններու եւ կրկնուող ձախողանքներու  հետեւանքները: Ի հարկէ, եթէ կ’ուզենք պաշտպանուիլ, վերականգնիլ, չանհետանալ, մնալ պատմութեան բեմին վրայ որպէս ինքնուրոյն ազգ:

            Ոչ ոք կը հետաքրքրուի մտաւորականի, գիտնականի, ակադեմիկոսի դատումներով: Ամէնքս ամէն բան գիտենք, իսկ մեր գիտցածները յաճախ կիսատ-պռատ տ են, կողմնապաշտութիւններ եւ թիւրըմբռնումներ, որոնք կը ծառայեն մեր նոր-հին դառնութիւններուն քէն եւ ոխ:

            Սադայէլի շրջանակէն դուրս գալու համար ողջախութեամբ պէտք է լսել գիտնալ, ի յառաջագունէ ընդունելով, որ կիսագրագիտութեամբ կամ անգրագիտութեամբ կրնանք սխալիլ, եւ մանաւանդ ընդունիլ՝ որ միւսը, ուրիշներ ալ, կրնան ճիշդ եւ արդար ըլլալ, հասկնալ, որ  ճիշդ գործելու համար բառեր քով-քովի շարել, ճիշդ մտածելու եւ լսուելու համար, բաւարար չեն:

            Համակարգիչիս մէջ պահուած հին էջեր կը կարդայի:: Ինչե՜ր ըսուած են: Ընթերցողներ եղա՞ծ են: Եթէ եղած են անգամ, անոնք եղած են չնչին փոքրամասնութիւն, եւ այդ էջերը հետեւանք չեն ունեցած: Չեմ յիշեր թէ ո՞վ իմաստուն կերպով ըսած էր, թէ գրողը եթէ գիտնար թէ ի՞նչ է ընթերցողը, տող մը անգամ չէր գրեր: Այդ ըսողը հայերը ճանչցա՞ծ էր թէ ոչ, ինչպէ՞ս գիտնալ:

            ԱՀայաստան լոյս տեսնող «ԱԶԳ» թերթի խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան ուշագրաւ յօդուած մը ստորագրած էր քանի մը տարի առաջ, (29/01/2021), կ’անդրադառնար շատ կարեւոր հարցի մը: Կ’արտագրեմ պարբերութիւն մը.

            «Անկախ Հայաստանում չի ձեւաւորուել մտաւորական վերնախաւ: Իշխանութիւն չունեցող, բայց փոխարէնը մեծ ազդեցութիւն ու դեր ունեցող այդ խաւը: Եթէ ունենայինք՝ ապա կը մերժուէր, օրինակ, նոր Սահմանադրութիւնը, որը կոյր աղիք է դարձել մեր պետութեան համար: Եթէ ունենայինք՝ կը մերժուէր որեւէ ստախօս աճպարարի յանձնել իշխանութիւնը: Եթէ ունենայինք՝ կը մերժուէր միջազգային գործակալական ցանցի մուտքը խորհրդարան ու կառավարութիւն»: (ընդգծ. Յ.Պ.)

            Ընդհանրացնելով, կրնանք ըսել, որ բազմամիլիոն սփիւռքի մէջ ալ, հակառակ համալսարաններէ ստացուած տիտղոսներու, այդ մտաւորական խաւը չկայ: Խօսքը չի վերաբերիր «աւուր  պատշաճի» բեմ զարդարող տուրք տուող ճառերու: Այս ձախողանքին բացատրութիւնը պէտք է տայ նոյնինքն իրա՛ւ մտաւորականութիւնը: Ո՛չ անոնք, որոնք գրականութիւն կը խաղան յանգեր շարելով, ինչպէս Անդրանիկ Ծառուկեան ըսած էր, գրելով՝ «երկու կանգուն կտաւ արեւը մարը մտաւ»… Եղած է այն, որ ճարպիկներ, ամբոխավարներ, դրամատէրեր, իրենք զիրենք դասած են վերնախաւ, Հայաստան կ’ըսեն էլիտա, մտաւորականութեան ձգելով իրենցմէ կախում ունեցող օժանդակի դեր, ո՛չ որոշողի եւ ո՛չ ալ նախաձեռնողի:

            Կարգ մը ուսումնական-մտաւորական մարդիկ նախընտրած են իրենց փղոսկրեայ աշտարակին մէջ մնալ, կեանքի պայքարի եւ մրցակցութիւններու մէջ «չաղտոտիլ», գնահատուիլ, լուսապսակ ունենալ, մնալ սպիտակ ձեռնոցներով, խուսափելով յանձնառութենէ: Անոնք ըսած են նաեւ, որ իրենք կ’աշխատին ապագայի համար, հասկնալ՝ պատմութեան մէջ անուն ունենալու: Կամայ կամ ակամայ լքած են հրապարակը, որ երբեք պարապ չի մնար, զայն գրաւողներ կ’ըլլան. բախտախնդիրներ, փառատենչիկներ, ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական տեսակ տեսակ աճպարարներ:

            Յայտնուած են հայոց պատմութիւն չգիտցող, հայ մշակոյթի դրոշմէ եւ ըմբռնումէ  զուրկ, ազգային հեռանկար չունեցող, բայց գործնապաշտ երեւելիապաշտներ: Զանգուածները չեն անդրադարձած ազգի ճակատագիր որոշելու եւ առաջնորդելու ինքնակոչուած խաւի ամլացնող դերին, շլացած են մէկուն հարստութեամբ, միւսին ընտանեկան անունով, երրորդին լեզուական ճարտարութեամբ, ստեղծուած է համակարգ, ժառանգական, «խծբ»ական, որ բթացուցած է ժողովուրդի բնական ողջախոհութիւնը, որ ամբողջովին երբեք չի մեռնիր, օր մը կը յայտնուի, բայց կրնայ ուշ ըլլալ ազգին համար: Մինչ այդ կը գումարած ենք նահանջ եւ պարտութիւն:

            Ներսը եւ դուրսը, այս դրութեան արդիւնքը եղած է լճացումը, որուն կը հետեւին ամէն տեսակի նահանջ եւ վերականգնումի դժուարութիւն. քաղաքական, մշակութային, գաղափարական, կրթական, կազմակերպական:

            Այս կացութիւնը նուազ տեսանելի է սփիւռքի պարագային, քանի որ ան տարտղնուածի-կտրատուածի գումար է, համախումբ կեանք չունի ուր մասնակին կը համարուի ընդհանրական: Հայաստան հայերը խմբուած են, բոլորովին չեն ցրուած ուրիշ ամբողջներու մէջ, հայրենիքի մէջ են: Սփիւռքի պարագային, լաւագոյն խմբուածութիւնն անգամ մասնակի է, կղզեակներու երեւակայական գումար: Այս պատճառով ալ զանգուած, ամբոխ, մեծամասնութիւն, փոքրամասնութիւն, Հայաստան եւ սփիւռք ընկերաբանական նոյն նշանակութիւնը չունին: Այս նշումները կը բացատրեն այն, որ սփիւռքի հայը դժուարութիւն ունի հասկնալու Հայաստանի հաւաքական կեանքը եւ ըմբռնումները, ինչպէս Հայաստանը ունի նոյն դժուարութիւնը՝ հասկնալու համար Սփիւռքի կեանքը եւ ըմբռնումները: Այս՝ հակառակ շատ բան չնշանակող ճառերու եւ երթեւեկի:

            Ըմբռնումները, անոնց տարբերութիւնները եւ հակասութիւնները բացատրողը պիտի ըլլար մտաւորականութիւնը, որպէսզի զանգուածները գիտնային, որ իրենք պարտաւոր են ազգի ճակատագրի տնօրինման եւ տիրութեան մասնակից ըլլալ: Ի վերջոյ, որպէսզի մտաւորականութիւնը դառնայ, Յակոբ Աւետիքեանի սահմանած «մեծ ազդեցութիւն ու դեր ունեցող այդ խաւը», ժողովուրդը ինք պէտք է լսէ իր մտաւորականութիւնը, գուրգուրայ անոր վրայ, նեցուկ ըլլայ, ըլլայ յանդուգն, եւ թումբ կանգնէ ախտավարակ ամբոխահաճութեան (պոպուլիզմ) դէմ, չըլլայ ամբոխ:

            Հետաքրական է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի նախագահ, հանրածանօթ եւ իրաւ մտաւորական Ռադիկ Մարտիրոսեանի  խօսքը, զոր կը քաղեմ տեսակցութենէ մը: Ըսած է. «Ես քաղաքագէտ չեմ, բայց չափանիշը՝ իրողութիւնների, վիճակի, չի որոշուում փողոցում եղած մարդկանց թուով: Ես համոզուած եմ, որ շատ-շատ մարդիկ, որոնք փողոցում չեն, նստած են իրենց տանը, կամ աշխատավայրում, ունեն նոյն կարծիքը, ինչը ունէին առաջ, ուղղակի փողոց դուրս գալը չեմ կարծում, որ հիմնական պայման է: Արտայայտման ձեւեր գոյութիւն ունեն: Եթե վաղը ընտրութիւն լինի, անպայման նրանք իրենց կարծիքը կ’արտայայտեն այլ ձեւով՝ աւելի գրագէտ ձեւով»: Հարցին՝ «ինչպիսի՞ն պիտի լինի եկող կառավարութիւնը, կամ ինչպիսի՞ն պիտի լինի վարչապետը», ան պատասխանած է «Այնպիսին, որը համապատասխանի մեր անցեալին, համապատասխանի այն խնդիրներին, որը մեր առաջ դրել ենք՝ առաջիկայ տարիների զարգացման համար, մեր նոր սերնդի, նոր պատմութէան, նոր մշակոյթի համար պահանջուում են մարդիկ՝ խելօք, ճիշդ կազմակերպող, լաւ լսող, ճշգրիտ բաներ ասող, սուտ բաներից հեռու, ամօթ է երկրի ղեկավարը սուտ ասի»: (Ընդգծ. Յ.Պ.)

            ԳԱԱի նախագահը կը հաւատայ, որ մարդիկ նոյնիսկ եբր փողոց չեն իջներ, ցոյցերու չեն մասնակցիր, իրականութիւնները կը տեսնեն եւ կրնան ճիշդ կողմնորոշուիլ: Հետաքրքրական է նաեւ իր այն միտքը, որ «չափանիշը՝ իրողութիւնների, վիճակի, չի որոշուում փողոցում եղած մարդկանց թուով»: Թէեւ Հայաստան ապրեցաւ ամբոխահաճութեան (պոպուլիզմ) մթնոլորտը, իշխանափոխութիւն տեղի ունեցաւ, «փողոցում եղած մարդկանց թուով»:

            Մտաւորականութեան պարտականութիւնն է ցոյց տալ, որ ազգային-քաղաքական հիմնահարցերը եւ առաջնորդութիւնը գռեհիկ ամբոխավարութեամբ փակուղի կը մտնեն, եւ կ’անտեսուին, ժողովուրդը կը խաբեն, ան կը խաբուի: Ճշմարիտ եւ անսեթեւեթ իրատեսութիւն պէտք է, ողջմտութիւն՝ գործիքի չվերածուելու համար:

Յա                                   Հայաստանի  ԻՐԱՏԵՍ թերթին մէջ կար խիստ կարեւոր յօդուած մը, ստորագրուած՝ «Սիրակ Յովհաննիսեան, քաղ. գիտ. թեկնածու, դոցենտ»: Լաւ պիտի ըլլար, որ նաեւ սփիւռքի հայ մամուլը արտատպէր այդ յօդուածը, որուն խորագիրն է՝ «Հայ քաղաքական մտքի ամբիցիաների (փառասիրութեան) բացակայութեան բացասական հետեւանքները»: Ի հարկէ խօսքը կը վերաբերի իրաւունքի եւ նպատակի: Յօդուածի միտքը այն է, որ ամբողջականի տեսիլքի եւ հեռանկարի, տոկալու եւ տեւելու կամքի պակաս ունեցած ենք, գոհանալով մանրիկ պատշաճեցումներով:

            Սիրակ Յովհաննիսեան հայ ազգային քաղաքական միտքի ուղեգիծ կը ճշդէ, բայց ինչպէս միշտ, ինք ալ մաս չի կազմեր որոշող-գործադրող էսթէպլիշմընթին:

            Կրկին պէտք է դիմել մտածող հեղինակին: Մէջբերումը, զոր պիտի ընեմ, միշտ մասնակի է ամբողջ յօդուածի միտքը ամփոփելու համար: Այս պարբերութեան մէջ կան ապագայ պատրաստելու մասին հիմնական գաղափարներ, եթէ կամենանք եւ յաջողինք անմիջականէն եւ անմակարդակէն հեռանալ: Սիրակ Յովհաննիսեան կ’ըսէ.

«…մշակել ընդհանրապէս բարդոյթներից ձերբազատուած, ժամանակի պահանջները բաւարարող, 21-րդ դարի ոգուն համարժէք որակական նոր մակարդակի եւ հիմնաւոր յանդգնութեամբ յագեցած համահայկական քաղաքական միտք։ …«Եթէ ուզում ենք մրցունակ ազգ լինել եւ երաշխաւորել հայոց անկախ պետութեան (Արցախը ներառեալ) առաջընթաց զարգացումը գալիք դարերի համար, ուրեմն հարկաւոր է չվախենալ կենսագործել հայոց քաղաքական մտքի ամբիցիաներին (փառասիրութիւններուն, տեսլական) վերաբերող ծրագրերը։ Ի հարկէ, հայ քաղաքական մտքի ամբիցիաները կ’ընկալվեն վերացական, ամբարտաւան, արկածախնդրութեամբ ներծծուած եւ մեծամիտ մտածելակերպի ձախողուած դրսեւորումներ, եթէ չհիմնուեն մրցունակ եւ հզօր տնտեսութեան, մշտապէս արդիականացուող ռազմաարդիւնաբերական մեծ ուժի, օրէնքների անվերապահ գերակայութեան եւ ժողովրդագրական խնդիրը օր առաջ լուծելու արդիւնաւետ քաղաքականութեան վրայ…»։ (Ընդգծ. Յ.Պ.)

            Հիմնական քաղաքական միտքեր են բարդոյթներէ ձերբազատումը, որակական մակարդակը եւ 21րդ դարը: Այսօրուան պարտուածի հոգեբանութենէն անկախ, մենք բարդոյթներ ունինք: Կարծէք կ’ամչնանք խօսելու մեր ազգային հիմնահարցերուն եւ գաղափարախօութեան մասին, զոր ընդհանուր բնութագրումով կը կոչեմ հայրենատիրութիւն, որ խրախճանքներու երգուած-կրկնուած հայրենասիրական կոչուած ճառէն տարբեր է, եւ տուեալ պահու մը կը յուզէ «մենք ու մերոնք»ը:

            Անվարան պէտք է խօսիլ ազգապատկան  հայրենիքի մասին, ինչ ալ ըլլան անցեալի եւ ներկայի վերիվայրումներու պարտադրանքները, եւ զայն երբեք չշփոթել կարգախօսներու հետ: Զայն նուազուրդի ենթարկել գործապաշտութեամբ եւ ռէալ փոլիթիք հոլովել, հակազգայինէ: Անմիջական ներկային մէջ կրնանք պարտադրուած ըլլալ կարելիի քաղաքականութիւն վարելու, առանց երբեք հրաժարելու ազգապատկանէն, նոյնիսկ եթէ այդ միտքը երազային համարուի, բարեկամներ եւ նուազ բարեկամներ զայն նկատեն մեծամտութիւն: Այսինքն՝ ունենալ ապնիջականէն անդինը սեւեռող ԱԶԳԱՅԻՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐ:

            Ազգապատկան հայրենիքի ներկայ եւ գալիք տիրութիւնը կը պահանջէ ինքնութիւն եւ հպարտութիւն պահած ժողովուրդ, այսինքն շրջապատէն իր տարբերութեան գիտակից եւ անոր տէր հաւաքականութիւն, ներսը եւ դուրսը, ոչ թէ տիրելու համար, այլ ուրիշի տիրակալութիւնը մերժելու, հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս չստրկանալու: Անկեղծութեամբ պիտի ընդունինք, որ այս «որակական նոր մակարդակի եւ հիմնաւոր յանդգնութեամբ յագեցած համահայկական քաղաքական միտք»ը չունինք եւ պէտք է զայն նուաճել: Ան պէտք է դառնայ առաջադրանք, ոչ միայն իշխողներուն համար, այլ բոլորին, քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, սփիւռք(ներ)ի մէջ: Վերջինը պէտք չէ ծանծաղի համայնքայինի, հայրենակցականի, թաղայինի եւ միութենականի մէջ:

Եւ ունենալ ազգային հպարտութիւն եւ փառասիրութիւն, իրատեսութեամբ ընդունիլ անցեալը, ներկան եւ ծրագրել ապագան, պետութեան գոյատեւումը եւ ամրացումը, չբաւարարուելով անհատական շահով եւ փառասիրութեամբ:

            Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս, որպէսզի ունենանք մրցունակ եւ հզօր տնտեսութիւն, որպէսզի նպաստընկալ չըլլանք եւ ըլլանք յարգելի դրացի կամ գործընկեր: Պարզ ողջմտութիւնը կը թելադրէ ունենալ պետական շահի գերադաս գիտակցութիւն, ոչ թէ անհատականի անտեսումով, այլ՝ գերանցումով: Յաջողած տնտեսութեամբ երկիրը երաշխիք է ժողովուրդի բարօրութեան: Ճիշդ է, որ բաղդատելին պէտք է բաղդատել, բայց օրինակները միշտ ուսանելի են: Ինչպէ՞ս վերականգնեցան հիմնայատակ կործանած Գերմանիան եւ Ճաբոնը: Ինչպէս կ’ըսուի, այդ երկիրներուն մէջ իրապէս քար քարի վրայ չէր մնացած: Անոնք այսօր վերականգնած եւ հզօր ազգեր են:

            Վերականգնելու փառասիրութիւն պէտք է ունենալ, այդ կ’ըլլայ կարողութիւնները մէկտեղելով եւ անոնց ճիշդ օգտագործումով: Առաջին հերթին՝ ԵՍերու գերանցումով, որ կը պահանջէ մարդկային եւ ազգային անխարդախ առաքինութիւն:

            Այս պիտի ընէ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԻՐԱՒ ԽԱՒԸ, որ վստահութիւն պիտի ներշնչէ անձի օրինակով, ազատ խօսքով, «կատուին կատու» ըսելով «լեզուն գրպանը չպահող» զտարիւն մտաւորական Շաւարշ Նարդունիի յանդգնութեամբ, եւ դադրիլ պարտութիւնը շպարել չեղած յաղթանակով եւ խոստումներով եւ անյաջողութիւնները ճապկումներով արդարացնել:

            Ըսուած է, որ ժողովուրդը ունի բնական ողջախոհութիւն: Ան կոշտ ձեւով պէտք է պահանջէ գործ եւ յաջողութիւն, դատէ եւ կողմնորոշուի ըստ արդիւնքի, եւ չհետեւի անոնց որոնք զինք ոտքի քնացուցած են եւ կը քնացնեն:

            Այսօր աւելի քան երբեք, հայը, պետութիւնը, ժողովուրդը, ամէն բնոյթի եւ գոյնի կազմակերպութիւնները, մտածման եւ ազգային քաղակականութեան առանցք պէտք է դարձնեն Ռոզա Լիւքսամպուրկի միտքը, անհատական եւ հաւաքական առաջադրանքներու համար: Կրկին կ’արձանագրեմ միտքը.

«Ան որ չի շարժիր չի զգար իր շղթաները»…

            Եթէ շարունակենք մեր ընթացքը, մատներու արանքէն դիտենք ազգի եւ հայրենիքի գոյութեան դէմ եղած սպառնալիքները, չենք ունենար ապրելու եւ տեւելու գիտակցութիւն, ըսե՞նք պարզապէս, որ այդ բնազդը ընդարմացած է: Եթէ զգանք «շղթաներ» կը շարժինք՝ ապրելու թափով, եթէ շարժինք, պիտի հասկնանք որ գոյութենական պայքարի ժամն է, «լինել-չլինել» դասական դարձած հրամայականով, եւ ուժերու մէկտեղել, որպէսզի շրջենք պատմութեան անիւը եւ ընդունիլ գուպարը, անցնելու համար «Կարմիր Ծով»էն եւ չհաւատալ գեղագիտական-«կոսմետիկ» դարմաններու:

            Խմբուիլ եւ սկսիլ այսօր:

            Ինչպէս միշտ՝ վաղը միշտ ուշ է:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles