ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅԱԹԱՓՈՒՄԸ ԵՒ ԱՐՑԱԽՑԻՆԵՐՈՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

0 0
Read Time:2 Minute, 7 Second

Ա.Ա.  

Բերձորի միջանցքին փակումէն, ապա ռուսական խաղաղապահ ուժերուն կողքին ատրպէյճանական անցակէտին ստեղծումէն, մինչեւ Աղտամով Արցախ ապրանք  փոխադրելու ատրպէյճանական կողմին ծրագրին իրականացումէն ետք ատրպէյճանական զինուորական գործողութիւններուն սկսումը ցոյց կու տան, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները յստակ ծրագիր ունին Արցախի ինքնիշխան տարածքները հայաթափելու եւ Արցախեան տագնապը իրենց հասկցած ձեւով լուծելու համար։

19 սեպտեմբերին առաւօտեան սկսած զինուորական գործողութիւնները կը զուգադիպէին Նիւ Եորքի մէջ կայացող Մ․Ա․Կ․-ի 78րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն եւ ասիկա վստահաբար իր մէջ կը պարունակէր ատրպէյճանական պատգամ մը, որ ուղղուած է միջազգային ընտանիքին, թէ կոչերը, հաղորդագրութիւններն ու դատապարտանքի յայտարարութիւնները Ատրպէյճանի համար ոչ մէկ նշանակութիւն ունին։ Աւելի՛ն։ Արցախի ժողովուրդին ներկայացուցիչներուն հետ Եւլախի մէջ բանակցութիւններ կատարելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ներկայացուցած առաջարկին նախապայմանները ցոյց կու տան, որ Պաքու իր ծրագիրը մշակած եւ զայն գործադրութեան դնելու ժամանակն ալ յստակօրէն որոշած է, երբ իբրեւ նախապայման կը համարէ արցախեան բանակին զինաթափումը եւ «խամաճիկ ռեժիմ»ին լուծարումը, որպէսզի կարելի ըլլայ բանակցութիւններու ընթացք տալ՝ քննարկելու համար համարկման խնդիրները։

Արցախ այս օրերուն ահա մխրճուած է մահու եւ կենաց պայքարի մը մէջ,որ սովորական պատերազմ մը չէ։ Զինուորական գործողութիւնները ամբողջ ինքնիշխան Արցախի սահմաններուն վրայ կը կատարուին, ատրպէյճանական ուժերը կը գործածեն տարբեր տրամաչափի զէնքեր, որպէսզի ծունկի բերեն Արցախեան քաջարի բանակը։ Ատրպէյճանցիները նաեւ կը ջանան ներկայանալ իբրեւ մարդասիրական անցքերու ռահվիրաներ, երբ կը յայտարարեն,որ Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը տարհանելու ուղիներ, փոխադրութեան միջոցներ եւ կեդրոնացման կէտեր ստեղծուած են, որպէսզի  իբրեւ թէ խաղաղ բնակչութեան ապահովութեան հսկող ատրպէյճանական ուժեր արցախցիները հեռացնեն պատերազմական գործողութիւններու մօտիկ վայրերէն։Ասիկա անշուշտ ապացոյցներէն մին է, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները լծուած են Արցախը հայաթափելու  աշխատանքի մը, որ եթէ ձախողի, ցեղասպանական ոճիրներ կրնան յաջորդել այն բոլոր ծրագիրներուն, որոնք մշակուած են ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ։

Արցախը վերջնականապէս հայաթափելու ատրպէյճանական կանխամտածուած եւ մշակուած ծրագրին գործադրութեան նպաստող Անգարայի իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութիւնն ալ կու գայ առաւել յստակացնելու ատրպէյճանական դաւադրութեան ծալքերը։ Էրտողան Մ․Ա․Կ․-ի ամպիոնէն կը յայտարարէր, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճան է՝ միջազգային հանրութեան դիմաց հրապարակաւ զօրավիգ կանգնելով այսպէս կոչուած «ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումները» Ղարաբաղէն մաքրագործելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն մշակած ծրագրին։

Թրքական ճակատին ձեռնարկած այս գործողութիւններուն դիմաց՝ Երեւանի իշխանութիւններուն որդեգրած արտաքին քաղաքականութիւնը այս պարագային ճակատագրական դերակատարութիւն ունի՝ Արցախի հայաթափումը եւ արցախահայութեան դէմ ցեղասպանական ոճիրը կանխարգիլելու համար։Շրջանային եւ միջազգային դերակատարներուն, ինչպէս նաեւ որոշումներու մայրաքաղաքներուն մօտ դիւանագիտական լուրջ եւ նախածրագրուած  աշխատանք մը, որ համահունչ է ամբողջ հայութեան ակնկալութիւններուն եւ յոյսերուն, կրնայ իր բարերար ազդեցութիւնները ունենալ եւ զսպել Ատրպէյճանը, որ լաւապէս կը գիտակցի, թէ երկփեղկուած հայութեան մը կողին իջեցուած հարցուածը մահացու պիտի ըլլայ՝ Արցախի կորուստով։ Այս իրականութեան գիտակցելու եւ ըստ այնմ աշխատանքի լծուելու համար ներկայիս գնդակը հայկական կողմին մօտ է։Առաւելագոյն զգօնութեամբ եւ պատասխանատուութեան ամբողջական գիտակցութեամբ կարելի է ստեղծել հայկական մէկ ու միացեալ ճակատը, որ միակ ազդու զէնքը պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի դէմ։ Այլ ելք հորիզոնին վրայ տեսանելի չէ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles