ՀԱՍՆՈՒՄ ԵՌԱԲԼՈՒՐ ԴՐՕՇԱԶԱՐԴ, ՊԵՂԵԼ ՆԱՅԻԼ ՄԵՐ ՄԷՋ ՈՒ ԱՆԴԻՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 39 Second

 

Յ. Պալեան

Երեւան

 

                        Քաղաքներ կը դրօշազարդուին յաղթանակի եւ տօնական հպարտութեան առիթներով:

            Օգոստոս էր: Երեւանեան արեւին տակ, հանրային փոխադրութեան կառքը բարձրացանք Կոմիտաս պողոտայէն: Անցանք բազմամբոխ փողոցներէ եւ հրապարակներէ, եւ վերջապէս, ժամ տեւած ճամբորդութենէ ետք, միջօրէին, հասանք,  տիւ եւ գիշեր, ամառ եւ ձմեռ, դրօշազարդուած Եռաբլուր:

            Մեր դիմաց էր կապարային լոյսի տակ հեւացող մատուռը, որուն առջեւ փռուած էին մարմարեայ անտառացած շիրիմներ, որոնց գլխավերեւը կային դէմքեր, անուններ, մարդիկ՝ որոնց կեանքը յանկարծ կանգ առած էր: Խորտկուած յոյսեր: Որդիներ: Ամուսիններ: Անչափահասներու հայրեր:Եղբայրներ:

            Մատուռի մուտքին կանգնած, ճնշուած յուզումով դիտեցի փողփողացող Եռագոյն դրօշներու բլուրներու վրայ տարածուող  ալեծուփ տօնահանդէսը, որ  կը յուշէր, թէ հոն կար թաքնուած եւ ժայթքող շնչառութիւն:             Ծափահարողներ չկային: Խօսափողներու քաղաքական-հայրենասիրական եւ քսակաւոր փառքի վաշխառու հտպիտներու աղմկարարութիւն չկար: Դամբանախօսներ չկային: Անոնք յաճախ զբաղած կ’ըլլան քսակաւորներու տուրք տալով:

            Խլացնող լռութիւնը եւ անյայտներով բնակուած ամայութիւնը շնչահեղձ կ’ընէին:

            Միջօրէի շիկացած երկինքին տակ իրենք զիրենք կը յիշեցնէին իրենց թռիչքի ընթացքին  բոցավառած եւ կիզուած գարուն ազգի յոյս կեանքերը:

            Սեւ մարմարներու տակ խօսուն թրթռացումներ կային, ինչե՜ր կը լսուէին:

            Պարտասած, բարձրադիր մարմարեայ տապանագիրի մը ստուերին, զայն եզերող քարին վրայ, երկու երիտասարդներու կողքին նստեցայ: Անոնց ընկեր եղայ:           

           Քարեղէն լութեան մէջ, շշուկային զրոյց սկսաւ: Մին կը կոչուէր Ռուբէն, միւսը՝ Ոսկան: Ըսի՝ Ոսկան Երեւանցի: Ռուբէնի հետ խօսեցայ Ռուբէնի եւ Դրոյի մասին: Եկած էր իր Հօբարի զոհուած տղուն համար, Ոսկանը իրեն ընկերացած էր: Դեռ բանակ չէին կանչուած: Ժողովուրդ էին: Երեւանի դէպի աստղերը բարձրացող երկնաքերներու բնակիչ չէին, կը բնակէին, ըսին՝ Պանկլատէշ, ուր չեն երթար հայ եւ դուրսէն ժամանած զբօսի եւ երեւելիութեան հայ եւ օտար որսորդները, տեղացիները կ’երթան Յունաստան, Կիպրոս, Անթալիա, Կրասնատար, Փարիզ, Լոս…

            Տեսադաշտիս մէջ էր դեռ չյայտնաբերուած անարգ եղեռնագործութեան զոհ Վազգէն Սարգսեանի դամբանը: Դեռ տասնըութը տարեկան չեղած Ռուբէն ըսաւ, որ այդ եղեռնագործութեան հեղինակը պետութիւնն էր: Այս կասկածով աճող սերունդը ինչպէ՞ս միութիւն պիտի իրականացնէ, մնայ  եւ տէր ըլլայ երկրին:

            Քիչ անդին Սօսէ Մայրիկ եւ Գէորգ Չաւուշ կ’օղակէին դար մը պատմութիւն:

           Արեւին տակ սառած մաքրութիւն էր: Լռութիւն: Կարծէք թանգարանի մը պատին դէմ էի:

            Կին մը, օրինակելի գուրգուրանքով, կը խնամէր շիրիմներու անցքերը, կը փայլեցնէր սեւ տապանաքարերը:

            Անորոշ խորութիւններէ եկող մեղմ ձայնով մը ան ըսաւ, որ մէկ օրուան մէջ տասնըութը տարեկան տասնըութը երիտասարդներ թաղեցին… Կարծէք մեր անմիջականի պատմագիրն էր:

            Լայնշի կուրծքերը շքանշաններով զարդարուած զօրականներու շիրիմներ:

            Պատմութիւն հայրերու եւ որդիներու… Մե՛ր պատմութիւնը:

            Դիրքեր զբաղեցնող հանդիսատեսներ  կ’ըսեն եւ կ’երգեն՝ հերոսական աղմուկով…

            Քանի՞ անգամ քանի՞ տասնըութ կեանքի խոստումներ գրաւած են Եռաբլուրը:

            Հոս չկային փուչիկ եւ յղփացող «տուրիստ»-ները, ոչ ալ յղփացածի նորագիւտ քաղաքակրթութեան  արդիական մակնիշներով ճչացող ինքնաշարժներու-աւդոներու աղմուկը եւ ճապկումները, եւրոպացին կ’ըսէ՝ ռոտէօ ընողները, որոնց պատճառած վթարներու եւ մահերու մասին օրնիբուն կը խօսին հեռատեսիլի բազմացած խօսնակները, աճեցնելով դատերու եւ օրէնքներու հէքիաթները:

            Քանի՞ հազար Եռագոյն դրօշներ կը ծածանէին: Ինչո՞ւ այդ չեն գրեր մատրան պատին վրայ:

             Անոնք եթէ բերուէին Երեւան, Հիւսիսային պողոտայ, Սայեաթ Նովա, Հանրապետութեան հրապարակ, տեսակաւոր աւագանիներու անդամներու շրջագայութիւնը կանգ կ’առնէր, թերեւս անոնք ալ իրենց քունը կը փախցնէին, իրատես կը դառնային:

            Վերադարձի համար սպասեցինք հանրային փոխադրակառքը: Քիչ ժամանակ անց, արդէն մխրճուեցանք եռացող-հեւացող քաղաքին մէջ, որ մեծ շուկայ է, վաճառատան մը մեծ ապակեփեղկին վրայ կարդացի «պէյպի լավ», քիչ անդին «շաուրմա»-ն էր, եւ «լահմաճո»-ն: Այս ձեւով «տուրիստ»-ները իրենք զիրենք օտար չեն զգար եւ տեղացին կը պատշաճէր ժամանակին եւ կ’արդիականանար:

            Եթէ ճամբուն ծայրը պիտի ըլլայ «պէյպի լավ», «շաուրմա», «լահմաճո», ինչո՞ւ հազարաւոր գարուն կեանքեր պիտի բնակեցնէին Եռաբլուրը: Միթէ՞ մեռեալներով քաղաք կը կառուցուի եւ կեանք կը շարունակուի, նոյնիսկ երբ արեւելքի քաղքենիացած շփացածի բնորոշումով՝ «վիու»-ն  գեղեցիկ է:

            Այսօր մայրաքաղաքը թատերաբեմ պիտի ըլլայ երգի եւ պարի տօնի: Հեռատեսիլը կը կրկնէ խումբերու եւ պարերու անուններ, յիշեցնելով աւանդները եւ աւանդութիւնը:

            Եթէ կարդացած էք Լեւոն Շանթի «Ինկած բերդի իշխանուհին» թատերական երկը, պիտի յիշէք իր երկու զաւակները սպանած Քեսունի իշխանի խօսքը. «Մահը իր ճամբով, կեանքը իր ճամբով»… Ի հարկէ կնանքը՝ իր մեծ ու պզտիկ փառասիրութիւններով, կիրքերով, շահախնդրութիւններով, որոնց մէջ յաճախ տեղ չունին յանուն «ազգի եւ հայրենիք»-ի գլխարկին տակ արտաբերուած ամէն կարգի աղմուկ եւ ճամարտակութիւն: Ի հարկէ՝ մի՛շտ ներսը եւ դուրսը:

            Եռաբլուրէն վերադարձայ: Թաթխուեցայ քաղաքի կաթսային մէջ:

            Վաղուան յոյսը Ռուբէնն ու Ոսկանն են, եթէ չձուլուին երէցներու եւ մեծերու պարտութեան կաղապարներուն մէջ, չըլլան անոնց պատկերով: Կամ՝ լաւ ապրելու համար չարտագաղթեն եւ որպէս «տուրիստ» չգան իրենց «նոր հայրենիքներու» անցագրերով:

            Հետեւի՞լ Քեսունի իշխանին մահահոտ իմաստութեան, թէ՝ լսել Հայ Վիշտի երգիչ Աւետիս Ահարոնեանը, որ խուճապի մէջ եւ սպառնալիքի դէմ, այսօր երգով շատ հոլովուող «Սարդարապատ»-ի նախօրէին ըսած էր, թէ «դեռ կայ յոյսը»… որ Ռուբէն է եւ Ոսկան:

            Կամ մտրակ  շաչեցնող մերօրեայ Նազովրեցի, որ դար մը առաջ Արամ էր:  Վաղը կրնայ ըլլալ Ոսկան, Արգիշտի:

            Ֆրանսացի իմաստասէր Հանրի Պերկսոն կ’ըսէ որ, «ինչ որ յոյսը կը դարձնէ հզօր, այն է, որ ապագան կը ներկայանայ  կարելիութիւններու բոլոր ձեւերով»:

            Ինչո՞ւ ոչ  ներսի եւ դուրսի հայկական մաքրազատման, catharsisի եւ վերականգնումի կռիւ չսկսիլ, բոլոր ձեւերով, առանց բանտոաւծ մնալու կիսամիջոցներու խեղդող ցանցին մէջ, ընդդէմ կեղծիքի եւ  աթոռ-աթոռակի համար տոլար վճարող էսթէպլիշմընթներու:

            Եռաբլուրէն կը մեկնի կեանքի ճամբան, եթէ ունինք դատարկաբանութիւն մերժող գիտակցութիւն եւ ոգեկանութիւն:

            Ինչպէ՞ս ունենալ զանոնք:

            Քաղքենիի, պարտուածի, եսի եւ աժան փառասիրութիւններու  դիմակները պատռելով:

            Մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը:

            Նախահայրերու պատմութեան ժառանգ եւ տէր ե՞նք, թէ սոսկ մնացուկ: Հարցում էր:

            Միթէ՞ պէտք է կրկնել, որ հողը տէր կ’ուզէ, ոչ փուճ ամբոխներ ոտքի քնացնող բառերու տօնահանդէս:

            Միթէ՞ լաւ ապրելու, խաղաղութեան եւ այդպէս բաներու համար, պէտք է հետեւիլ Քեսունի իշխանի լքման իմաստութեան եւ կրկնել ՄԱՀԸ՝ ԻՐ ՃԱՄԲՈՎ ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ ԻՐ ՃԱՄԲՈՎ: Եւ հասնիլ կուշտ ստրուկի խաղաղութեան:

            Հակառակ մեր պարտութիւններուն, դեռ չենք հասկցած որ ոչ ոք մեր փոխարէն մեզի համար շագանակները պիտի հանէ կրակէն: Եթէ հասկնանք, մեր վաղը այսօրուընէ լաւ կ’ըլլայ: Կը դադրինք անկար ծափահարուող եւ ծափահարող ըլլալէ: Կ’ըլլանք ազգ:

            Ականջ տուէ՛ք Եռաբլուրի հազարաւոր տասնըութը տարեկաններու խլացնող կանչին: Եթէ հայու եւ մարդու խիղճ ունիք: Մտածեցէ՛ք գերեզմանաքարին վրայ նստած Պանկլատէշի Ռուբէնի եւ Ոսկանի մասին:  Անոնք վաղը երկու Եռագոյն դրօշ կրնան դառնալ Եռաբլուրի վրայ եւ մեզ յուզել: Յետո՞յ…

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles