ՈՉ ԵՒՍ Է ՍՐՏԱԲԱՆ ԱՐԱՄ Վ. ՉՈՊԱՆԵԱՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 16 Second


Հանրահռչակ սրտաբան Արամ Չոպանեան իր մահկանացուն կնքած է Հինգշաբթի, Օգոստոս 31-ին, 94 տարեկան հասակին։

Արամ Չօպանեան ծնած էր Փօթուքէթ (Ռոտ Այլընտ), Օգոստոս 10, 1929-ին եւ բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պրաուն համալսարանին եւ Հարվըրտ համալսարանի բժշկական ճիւղին մէջ։ Ամուսնացած է հանգուցեալ Ճասմին Չոպանեանի հետ եւ բախտաւորուած երեք զաւակներով։

Տոքթ. Չոպանեան աշխարհահռչակ սրտաբան մըն էր, որ գլխաւորաբար հաստատած է բարձր ճնշումը եւ սրտի երակներու արագացած հիւանդութեան կապը։ Իր հետազօտութիւններուն շնորհիւ, մաս կազմած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հովանաւորած յանձնախումբին, որ հաստատած է բարձր ճնշումի բուժման ուղեցոյցը։ Արժանացած է ամենաբարձր մրցանակներու եւ պարգեւներու։

Ան 1962-ին սկսած է դասախօսել Պոսթըն համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ, իսկ 1975-1995-ին բարձր ճնշումի հետազօտութեան կեդրոնի տնօրէնը եղած է։ 1988-ին բժշկական դպրոցի տեսուչ նշանակուած է եւ 1996-ին՝ համալսարանի բժշկական բաժնի վարչական պատասխանատու։ Տոքթ. Չոպանեան Հոկտեմբեր 2003-էն մինչեւ Յունիս 2005 համալսարանի նախագահ եղած է։ Սեպտեմբեր 2022-ին, բժշկական դպրոցը վերանուանուած է Արամ Չոպանեանի եւ Էտուըրտ Աւետիսեանի անունով, վերջինիս կողմէ կատարուած առատաձեռն նուիրատուութեամբ։

Տոքթ. Չոպանեան խորապէս նուիրուած էր Հայաստանի մէջ առողջապահական խնամքի բարելաւման, մասնակցելով բժշկական կրթութեան բարեփոխման ծրագիրներու համալսարանական մակարդակի վրայ։ Երկար ժամանակ անդամակցած է Հայ Օգնութեան Ֆոնտի հոգաբարձութեան, եւ քանի մը տարի Երեւանի բժշկական համալսարանի խորհրդակցական միջազգային մարմնի ատենապետը եղած է։ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ էր եւ ստացած էր Հայաստանի նախագահի ոսկեայ մետալը։

Տան կարգը տեղի ունեցաւ Սուրբ Ստեփանոս (Ուաթըրթաուն, Մասաչուսէց), Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5-ին, իսկ յուղարկաւորութիւնը՝ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6-ին։

Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Հայ Օգնութեան Ֆոնտին, Պոսթըն համալսարանի բժշկական կեդրոնի Արամ Չոպանեանի անուան դասախօսական բաժնին կամ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles