Ատրպէյճան Արգիլեց Ֆրանսայի Մարդասիրական Օգնութեան Անցքը Դէպի Արցախ

0 0
Read Time:51 Second

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին նախաձեռնութեամբ՝ Փարիզի, Լիոնի, Մարսէյի, Սթրասպուրկի եւ ֆրանսական քանի մը այլ մեծ քաղաքներու ուղարկած մարդասիրական շարասիւնը չկրցաւ հասնիլ Արցախ։ Օգոստոս 30-ին, Երեւանէն մեկնած, այս մարդասիրական օգնութեան արգելք հանդիսացաւ Ատրպէյճանի ապօրինի անցակէտը։

Շառասիւնին կ՛ընկերակցէր Փարիզէր քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի գլխաւորած բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը: Անոնք դիմաւորուեցան Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեանի, Սիւնիքի մարզպետին եւ Գորիսի համայնքապետին կողմէ։ Ղազարեան տեղւոյն վրայ պատուիրակութեան ներկայացուց իրավիճակը, նաեւ անդրադարձաւ Բերձորի ատրպէյճանական անցակէտին մէջ կատարուած առեւանգումներուն։

Հիտալկօ ցեղասպանութիւն եւ ցեղային զտում որակեց Ատրպէյճանի կողմէ արցախահայութեան նկատմամբ իրականացուող քաղաքականութիւնը: «Նաեւ կը դիմենք Ֆրանսայի նախագահին, որ ան օգտագործէ այն դիրքը, զոր ունի Ֆրանսան՝ Մ․Ա․Կ․-ի խորհուրդին մէջ բանաձեւ ընդունելու համար՝ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները յարգել տալու նպատակով», նշեց ան:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակը գոհունակութիւն յայտնեց ֆրանսացի բարեկամներուն։ Հաղորդագրութիւն մէջ կը նշուի, թէ «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակը բարձր կը գնահատէ Ֆրանսայի կողմէն Արցախին ցուցաբերուած աջակցութիւնը։

Նշենք, որ Ֆրանսական օգնութեամբ առաջին բեռնատարները մօտակայ Կոռնիձոր շրջանը կը գտնուին Օգոստոս 9-էն ի վեր։

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles