Խորհրդակցութիւն` Արցախի Ժողովի Դահլիճին Մէջ

0 0
Read Time:38 Second


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նախաձեռնութեամբ` Օգոստոս 28-ին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի դահլիճին մէջ կատարուած է ընդլայնուած խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորները, կառավարութեան անդամներ, Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը եւ Բակօ Սահակեանը, խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարները, հասարակական խումբ մը գործիչներ, քաղաքացիական հանրութեան ներկայացուցիչներ:

Նախագահ Յարութիւնեան կարեւոր նկատած է ընդլայնուած եւ ներկայացուցչական ձեւաչափով խորհրդակցութեան փաստի կայացումը` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր մասնակիցներուն: Ան անդրադարձած է շրջափակումէն առաջ եւ ընթացքին իրականացուած արտաքին քաղաքական ջանքերուն եւ Ազրպէյճանի ու միջնորդներու կողմէ ներկայացուած տարբեր առաջարկներու: Նախագահը ընդգծած է, որ Արցախի իշխանութիւնները կը շարունակեն պնդել Բերձորի միջանցքի դրութեան վերականգնման անհրաժեշտութիւնը` միեւնոյն ժամանակ պատրաստ ըլլալով կառուցողական բանակցութիւններով լուծելու ծագած հիմնախնդիրները: Տեղի ունեցած միտքերու փոխանակութեան ընթացքին արտայայտուողները ներկայացուցած են տեսակէտներ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման վերաբերեալ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles