Արցախի Մէջ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Կազմակերպած Ցերեկային Ճամբարը 

0 0
Read Time:47 Second

Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Արցախի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Օգոստոս 14-18-ին տեղի ունեցած է հերթական ճամբարը, որ ընդգրկած է ժամանցային, կրթական, հայրենասիրական բաժիններ։

Այսպէս, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը հերթական անգամ իր շուրջը համախմբեց բազում պատանիներ եւ երիտասարդներ, որպէսզի քաջալերէ, յոյս տայ եւ սորվեցնէ, որ հայրենիքի կերտման համար շատ բան կայ ընելիք։

«Այս ոգիով եւ այս դիրքով պիտի փշրուին բռնակալին բոլոր շղթաները։ Հերոսական ընդդիմադրութիւնն է որ պիտի փրկէ հայրենիքը եւ ոչ ողորմող արտաքին ձեռքերը: Ձեր կողքին ենք հաստատօրէն, անկոտրում կամքով բայց կը նսեմանանք ձեր հերոսական պայքարին դիմաց: Կը գնահատենք, կը սիրենք, կը միանանք ձեր պայքարին եւ կը խոնարհինք ձեր առջեւ», ըսաւ գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան:

Որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, Աւետարանչականը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց՝ որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ’իրականացնէ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։  Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել Աւետարանչականի  կայքէջը www.amaa.org.

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
100 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles