Բաց Նամակ Հայ Կղերին

1 0
Read Time:2 Minute, 11 Second

Մեր խնամիին՝ ընկեր Պետրոսին հետ հիւրասենեակը նստած «Եու Թիւպ» կայանէն, Ղարաբաղի շրջափակման հետ առնչուող վերջին լուրերը կը դիտէինք: Երկուքս ալ յուզուած էինք 8 ամիսներէ ի վեր անմարդկային շրջափակման տակ գոյատեւող Արցախի մեր հայրենակիցներուն ապրած տռաման ու ոդիսականը դիտելով: Յուզումէս զգետնուած, տատամսումով վեթերան ընկերոջս դառնալով, իմ մէջս ամիսներէ ի վեր յաճախանք դարձած հետեւեալ գաղափարը կիսեցի անոր հետ:

Հետաքրքրութեամբ ու ակնյայտ յուզումով լսելէ ետք առաջարկութիւնս, զիս զարմանքի մատնելով բարձրաձայն հետեւեալ խորհուրդը տուաւ հայրենասէր ռիչմոնտցին:

– Ընկեր Պօղոս, կեցցե՜ս հոյակապ գաղափար է… Ինչո՜ւ մեր վեհափառներուն գրելով անոնց չես յայտներ այդ բոլորը:

– Սիրելիս, զիս մտիկ ընողը ո՜վ է… ըսելու պէս, տարակուսանքով անոր ուղղեցի քննական նայուածքս ու պահ մը կշռադատելէ ետք ինծի եղած առաջարկութիւնը, խոստացայ Երկուշաբթի վաղ առաւօտեան իսկ կատարել այդ մէկը, խորապէս ցնցուած ըլլալով Ղարաբաղը հարուածող աղէտէն:

Ուրեմն… օ՜ն ոտքի, քաջարի հայրապետներ հայոց…

Ամէնայն Հայոց կաթողիկոս՝ Գարեգին Երկրորդ

Կիլիկեան թեմի կաթողիկոս Արամ Առաջին

Հայ կաթողիկէ պատրիարք` Ռաֆայէլ Մինասեան

Սրբազան հայրեր, քաջարի խաչակիրներ հայոց աշխարհին…

Դուք ձեր այս աստուածահաճոյ արարքով պիտի դառնաք ժամանակակից խաչակրութեան ռահվիրայները, փրկելու համար սովամահ եղող մանուկները մեր Արծուեբոյնին՝ Արցախին, անոնց տատիկներուն ու պապիկներուն, ինչպէս նաեւ առօրեայ հոգերով մարտնչող երիտասարդ ծնողներուն երախտագիտութեան արժանանալով: Տակաւին մեր դարաւոր եկեղեցիներն ու մշակութային կոթողները փրկելու ձեր աստուածահաճոյ փորձով պիտի արժանանաք համայն հայութեան երախտագիտութեան:

Վեհափառ հայրեր, դուք պիտի ըլլաք վերուստ ընտրուած առաջնորդները 21րդ դարու նոր խաչակրութեան, ձեր թիկունքին ունենալով Հայ եկեղեցւոյ նուիրեալ սրբազան հայրերը, կուսակրօն կղերն ու սարկաւագաց դասը, հաւատացեալ հայ ժողովուրդն ու հայ եւ միջազգային քաղաքական ղեկավարութիւնը, որպէս բարոյական ու քաղաքական նեցուկ: Այո սրբազան հայրեր, հայութիւնը սփիւռքեան ու հայրենի իր թեւերով ձեր հովանիին տակ, որպէս հուժկու ուժ պիտի ճեղքէ Արծուեբոյնը պաշարող ազերիական անարգ շղթան ու յառաջանայ Լաչինի միջանցքով, ճամբայ բանալով ամիսէ մը ի վեր անշարժացած բեռնատարներու առջեւ, որոնց ներկայութիւնը սահմանի երկայնքին, շուտով անէծք պիտի դառնայ ազերի ղեկավարութեան գլխուն:

Իսկ ձեր գլխաւորած սրբազան երթի ընթացքին, եթէ որեւէ մէկը զոհը դառնայ թշնամի անարգ գնդակին, այդ անձը պիտի երկինք համբառնայ ու արժանանայ սուրբի ու մարտիրոսի կոչումին: Դուք ձեր խաչակրութեամբ պիտի ծաղկեցնէք հայոց եկեղեցին ու եկեղեցւոյ հանդէպ պիտի ամրապնդէք ձեր զաւակներուն հաւատքը:

Վեհափառ հայրեր, ինչքան շուտ ձեռնարկէք երկինքէն թելադրուած մերօրեայ խաչակրութեան, այնքան հրաշագործ պիտի դառնայ ձեր նախաձեռնած շարժումը, որուն իբրեւ արդիւնք պիտի փրկուի բոլորիս սիրելի Արցախը:

Հմուտ մասնագէտներ սկսած են հայ ղեկավարութեան միանալով «ցեղասպանութիւն» անուանել այժմ Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ Պաքուին կողմէ գործադրուածը անմարդկային պաշարումը…

Ձեր այդ երթը համաշխարհային հանրութեան ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնայ եւ ստիպէ, որ բարեկամ պետութիւններ, լուրջ քայլերու դիմեն ազերիներու դէմ: Պիտի հրահրէ նաեւ քրիստոնեայ օտար կղերին համակրանքն ու մասնակցութիւնը ձեր նախաձեռնելիք խաչակրութեան:

Ձեր ղեկավարութեամբ կայանալիք մարդասիրական թափօրին պիտի մասնակցին նաեւ հազարաւոր ամէն սեռի հայորդիներ:

Տէրունական աղօթքով ու կարճ արարողութեամբ պիտի սկսի խաչակիրներու թափօրը, զոր պիտի գլխաւորեն հայկական երեք յարանուանութեան պետերը…

Որդիական սիրով մնամ ձերդ՝

Պօղոս Գուբելեան

Ռիչմընտ, Վըրճինիա

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
100 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles