ԴՈԿՏ. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆԻ ԳԻՐՔԸ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԱՐԺԱՆԱՆԱՑԱՒ

0 0
Read Time:1 Minute, 3 Second

Հայկական Ուսումնասիրութիւններու եւ Հետազօտութիւններու Ազգային Ընկերակցութիւնը (NAASR) յայտարարեց, թէ դոկտ. Սոնա Արոնեանի անունով կոչուած գիրքերու մրցանակները հայագիտութեան գերազանցութեան համար համատեղ կերպով տրուած են դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի The Politics of Naming the Armenian Genocide: Language, History and ‘Medz Yeghern’ (I. B. Tauris, 2022), դոկտ. Հենրի Շափիրոյի The Rise of the Western Armenian Diaspora in the Early Modern Ottoman Empire (Edinburgh University Press, 2022) եւ դոկտ. Գոհար Մուրատեանի Ancient Greek Myths in Medieval Armenian Literature (Brill, 2022) գիրքերուն համար (վերջինը հայերէնէ թարգմանութիւն)։ Այս մրցանակները հաստատուած էին 2014-ին՝ տարեկան կերպով պարգեւատրելու հայագիտական ակնառու գործեր անգլերէն լեզուով, ինչպէս եւ հայերէնէ անգլերէն թարգմանութիւններ։

Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Վ. Մատթէոսեան հայոց պատմութեան, գրականութեան ու լեզուի բեղուն ուսումնասիրող մըն է։ Անոր աշխատութիւնը կը հետազօտէ «Մեծ Եղեռն» անուանումին ծագումնաբանութիւնը, լայնօրէն հիմնուելով հայերէն աղբիւրներու վրայ, ինչպէս եւ օգտագործելով եւրոպական այլ լեզուներ։ Այս ձեւով, ան ինքնատիպ նպաստ մը բերած է Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադարձող լեզուի մեր իմացութեան, ինչպէս եւ լեզուի գործածութեան եւ չարաշահութեան մասին։

«Խորապէս երախպապարտ եմ NAASRին, որ իսկապէս խոնարհեցնող այս պատիւը ընծայած է գիրքի մը, որ ծնած չէր հետազօտական իմ գլխաւոր նիւթերէս, այլ ներքին ցանկութենէ մը՝ ցոյց տալու, թէ հայերէնի ու հայկական աղբիւրներու իմացութիւնը իսկապէս կարեւոր է, երբ խօսքը հայոց ցեղասպանութեան Մեծ Ոճիրի՝ Մեծ Եղեռնի մասին է, եւ անոր ժխտումի անվերջանալի փորձերուն», յայտնեց դոկտ. Մատթէոսեան։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles