ԿԸ ԼՍՈՒԻ՞ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԻՄԱՍՏԱՍԷՐԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 27 Second

Յ. Պալեան

            Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կ’իւրացնէ եւ կը հետեւի «ուրացումը հերոսի բերդն է» թրքական առածի իմաստութեան» եւ բարոյախօսութիւն կ’ընէ: Ըստ Անատոլու լրատուական գործակալութեան, ան յայտարարած է, որ «Թուրքիան իր պատմութեան ընթացքին երբեք չէ հանդուրժած ճնշում կամ չէ մասնակցած ցեղասպանութեան եւ շահագործման, ի տարբերութիւն անոնց, որոնք այսօր կը լռեն Իսրայէլի վայրագութիւններուն մասին»… Ի՞նչ կը մտածեն այս մասին Թուրքիոյ քաղաքական բանտարկեալները եւ հալածանքէ խուսափելով այլ երկիրներ ապաստանած թուրք այր եւ կին մտաւորականները եւ այլախոհները:

            Էրտողան օր մը հաշիւ պիտի պահանջէ՞ Ամերիկայի նախագահ Ճօ Պայտընէն, թէ ինչո՞ւ ան ընդունած է Թուրքիոյ կողմէ հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան իրողութիւնը, քանի որ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ նման դէպք չէ արձանագրուած : Կամ ինչո՞ւ այդ ըրած է Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը եւ իր որոշումը որպէս օրէնք հրապարակած պետութան պաշտօնաթերթին մէջ:

            Ուրացման դասական յայտարարութիւնները  չեն զարմացներ, կը ծառայեն ինքզինք համոզելու եւ մոլեռանդութեան  շուկային կեր հայթայթելու:

                        Աւելին չ’արժեր ըսել:

            Ապահովաբար ֆրանսական ամսագիր «Philosophie magazine»-ը չեն տեսած Էրտողան եւ Ալիեւ: Այս հրատարակութիւնը միտքի  եւ մտածումներու այլազանութեան եւ ազատութեան հանդէս է, արուեստի, քաղաքականութեան, ընդհանրապէս՝ իմաստասիրութեան:

            Ամսագրի այս ամսուան (Նոյեմբեր 2023) համարին մէջ անդրադարձ կար հայկական կացութեան մասին: Չեմ գիտեր թէ, Հայաստան եւ սփիւռք, այդ սիւնակը տեսնող եւ ընթերցող կ’ըլլա՞յ: Գրողը կուսակցապետ, նախարար, այս կամ այն ձեւով հանրային կարծիքը զբաղեցնող չէ: Հայկական լրատուամիջոցները անոր լուսանկարը չեն հրատարակեր, անոր հետ հարցազրոյցներ չեն ունենար:

            Պարտք համարեցի հրատարակութեան խմբագրապետ Միշէլ Էլչանինոֆի ստորագրած   էջ 26-ի  քրոնիկը թարգմանել: Միշէլ Էլչանիոֆ հեղինակն է «Dans la tête de Poutine» (2006) եւ « Dans la tête de Marine le Pen» (2017) գիրքերուն: Աշխարհաքաղաքական խնդիրները իր հետաքրքրութեան առանցքին կը գտնուին»: Համահիմնադիրն է «Նոր Այլախոհները» միութեան եւ զօրավիգ կը կանգնի հակաժողովրդավարական  վարչակարգերուն դէմ պայքարներուն:

Քրոնիկի խորագիրն է՝«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱՏՆՈՒԱԾ ԴԺՈԽՔԻ» (L’Arménie aux enfers):

Կը կարդանք.«Լեռնային Ղարաբաղի գրաւումը Ատրպէյճանի կողմէ, հայերը կը մխրճէ  յոռեգոյն օտարման մէջ, որ ճանաչման ուրացումն է»:

Լուսանկար մը, որուն տակ գրուած է. «Լեռնային Ղարաբաղը դատարկ է, Ստեփանակերտի կեդրոնական հրապարակին վրայ կան միայն թափառող շուներ, աթոռներ, լքուած մանկական կառքեր»:

            Կ’ընթերցեմ Քրոնիկը.

            Ատրպէյճանի մէջ ներառնուած շրջանի (enclave) շուրջ 100.000 բնակիչները, ատրպէյճանական գրաւումէն ետք, մեկնած են Հայաստան, վախնալով ջարդէ կամ վատ վերաբերումէ: Այս պարպումը ապահովաբար ցանկացուած էր Պաքուի կողմէ, որ նոյնիսկ պէտք չզգաց ստիպելու որ անոնք փախչին:

Իրապէս ոչ մէկ կառավարութիւն բողոքեց: Ամէնքն ալ տարբեր ուղղութեամբ նայեցան: Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան գործառնութիւններ կ’ընեն Ատրպէյճան ի հետ, որ նաւթով եւ բնական կազով հարուստ է: Ռուսիան, որ աւանդական կերպով կը համարուի Հայաստանի պաշտպան, անկէ հեռացաւ: Արդարեւ, հայ վարչապետը, Նիկոլ Փաշինեան, համարձակած էր վաւերացնել Հռոմի դաշնագրի իրաւասութիւնը, որ կը վարէ Միջազգային Պատժական Դատարանը, որ Ռուսիոյ նախագահի ձերբակալման հրաման արձակած էր, իր կինը գացած էր Քիեւ, ուքրայինացիներուն զօրավիգ կանգնելու եւ բազմապատկած իր շփումները Արեւմուտքի հետ:

Ատրպէյճանի յարձակումէն շաբաթ մը առաջ, Վլատիմիր Փութին   ձեւական հազիւ թաքցուած ուրախութեամբ ցաւ յայտնած էր, որ Հայաստան կը մերժէր Ռուսիոյ օժանդակութիւնը՝ լուծելու իր եւ Պաքուի միջեւ եղած հակամարտութիւնը:

Ռուս խաղաղապահները իրենց մատը անգամ չբարձրացուցին պաշտպանելու համար Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները: Ահաւասիկ ինչ կը պատահի անոնց որոնք կը յանդգնին դիմաշրջում ունենալ  «մեծ  եղբայր»էն: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի նեցուկներուն, անոնք յաճախ կը լողան կատարեալ մոլեռանդութեան մէջ: Այդպէս է պարագան «Արեւելքի Քրիստոնեաներու պաշտպաններ»ուն, որոնք Հայաստանը կը տեսնեն որպէս քրիստոնեայ երկիր մը՝ չար իսլամներու սպառնալիքի տակ, երբ Հայաստանի ռազմավարական միակ դաշնակիցը  շիա Իրանն է:

Ուստի հայերը կը մնան առանձին: Եւ անոնց դժբախտութիւնը կը տասնապատկուի այն պատճռով, որ իրենց տառապանքը ճանաչում չի գտներ: Գերմանացի իմաստասէր Ակսել Հոննեթ ճանաչման յղացքը համարած է մարդկային յարաբերութիւններու ալֆան եւ օմեկան: Ներշնչուելով Հեկելէն, իր  «Պայքար ճանաչման համար» գրութեամբ, կը բացատրէ, որ «մեր ինքնութիւնը կը կազմաւորուի փոխ-ճանաչման բարդ զարգացման մը ընթացքին, որ ես   գոյութիւն ունիմ միայն ուրիշի նայուածքի յարաբերականութեամբ, որ կախում ունի ինձմէ: Առանց այս կապին, որ կ’անցնի ձախողութեան եւ յաջողութեան հանգրուաններէ, ես ոչինչ եմ: Այդ ճիշդ է մարդկային բարդ  յարաբերութիւններու մակարդակին, ուր իմ ազատութիւնս ընդունուած պէտք է ըլլայ շրջապատիս կողմէ, աշխատանքային մթնոլորտի մէջ, ուր յոռեգոյն օտարումը չտեսնել է աշխատանքի ճանաչումը, եւ դեռ, քաղաքական կեանքի մէջ, ուր երկրորդ դասի քաղաքացիները զրկուած կ’ըլլան իրենց իրաւունքէն:

Այս նոյնքան ճիշդ է միջազգային յարաբերութիւններու աշխարհին եւ պատմութեան մէջ: Եւ Հայաստանը լաւագոյն օրինակն է ժողովուրդի մը որուն փորձութիւնները ծանօթ են: Ցեղասպանութիւնը, որուն զոհը եղաւ իր ժողովուրդը 1915ին, որ շատ ուշացումով ճանչցուեցաւ Եւրոպայի մէջ, միշտ ժխտուած՝ Թուրքիոյ կողմէ: Ինչ կը վերաբերի ինքնահռչակ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, ան ոչ ոքի կողմէ ճանչցուած էր: Եւ ուրեմն ան պարզապէս ջնջուած է,  իր հետ՝ նաեւ իր բնակչութիւնը:

Այս ոչ-ճանաչումը հաւաքական ողբերգութիւն մըն է հայերու համար: Ան զանոնք կրնայ երկար ատեն բանտարկել երբեք չբուժուած յիշողութեան մը յուսահատութեան մէջ: Ինչպէս կը գրէ Սիմոն Վէյլ, «գերբնական Ճանաչման մէջ, «դժոխքը անդրադառնալ է որ գոյութիւն չունինք եւ չհամակերպիլ» (ընդգծում՝ ՅՊ):

          Միշէլ Էլչանինոֆի այս վերջին տողերը մեր ցաւոտ ներկան կը պատկերեն, աւելի ցաւալի՝ երբ անոր չենք անդրադառնար, զանազան ձեւերով եւ հրաժարումներով անկէ փախուտ կու տանք, մենք մեզ կը վաճառենք սպառողական եւ զբօսի ընկերութեան, պարտութեան վրայ գումարելով հոգեբարոյական արժէքներէ հրաժարումը, որուն արդիւնքով սփիւռքացումը պիտի ըլլայ անհետացման սպասման սենեակ, ուր պիտի զբաղինք թուքով կպցրած խօսքերով եւ լուծումներով:

            Կը յայտնուի՞ առաջնորդող միտքը, կ’ունենա՞նք անով հաղորդուող, զայն լսող եւ անոր հետեւող  ինքնութեան եւ իրաւունքի տիրութիւն ընող ժողովուրդ. ես դուն, ան, մեծեր եւ շարքայիններ:

            Ամսագրի մը մէջ ինչե՜ր ըսող եւ թելադրող քրոնիկ մը, որ ճառ չէ, որուն տողերը առաքինութեամբ պէտք է բանալ: Ի հարկէ Հայաստան, նաեւ ՝ գերաճող եւ բազմադէմ Սփիւռք(ներ), կանգ չառնելով աթոռամարտերու, աժանագին հայրենասիրական-բարեսիրական եւ  զբօսաշրջային ինքնախաբէական տխրութիւններու մէջ:

            Չանհանգստանալու համար,  չենք նայիր սփիւռքացման փապուղիի ելքի ուղղութեամբ: Եթէ նայինք, մեր ներկան եւ վաղը տարբեր կ’ըլլան: Մենք ալ տարբեր կ’ըլլանք, մուրճը մէկս միւսի գլխուն չենք խփեր, կը խփենք մեխի գլխուն:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles