Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔԸՆԷԹԻՔԸԹ

0 0
Read Time:1 Minute, 15 Second

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Նիւ Պրիթըն (Քընէթիքըթ) եւ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ մօտակայ շրջաններէն ժամանած քահանայ հայրերու, հոգաբարձութեանց անդամներուն ու ազգային երեսփոխաններուն կողմէ:

Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի կանոնական արարողութիւնը, որուն աւարտին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը ողջունեց Հայրապետին ժամանումը Նիւ Պրիթըն եւ մաղթեց, որ անոր օրհնաբեր այցելութիւնը նոր կենսունակութիւն բերէ եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին մէջ: Ապա հրաւիրեց Հայրապետը՝ ներկաներուն յղելու հայրապետական պատգամը։

Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց եկեղեցւոյ դերը համայնքի կեանքին մէջ, իբրեւ մեր զաւակները համախմբող եւ անոնց կարիքներուն ծառայելու կոչուած հոգեւոր առաքելութիւն:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աջահամբոյր. ապա, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ՝ ընթրիք, մասնակցութեամբ ծխայիններու ու զանազան շրջաններէն ժամանած հիւրերու:

Ընթրիքին, առաջնորդ սրբազանին բարի գալստեան խօսքէն ետք, Արամ Ա. Հայրապետը իր օրհնութեան խօսքին մէջ ընդգծեց եկեղեցին հոգեւոր ընտանիք ըլլալու իրողութիւնը: Որպէս Աստուծոյ ընտանիքը, եկեղեցին մեզ քով-քովի կը բերէ եւ իրարու կը կամրջէ նոյն հաւատքով, սիրով ու յոյսով, ըսաւ ան: Շարունակելով իր պատգամը՝ Հայրապետը յայտնեց, որ եթէ այս եկեղեցին՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, շրջանի ամենահին եկեղեցիներէն մէկը եղած է, չմոռնանք երբեք, որ հայ եկեղեցին աշխարհի ամենահին եկեղեցին է: Առաջին դարու վերջաւորութեան քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է Հայաստան եւ 301 թուականին հռչակուած է իբրեւ պետական կրօնք: Մենք հպարտ պէտք է ըլլանք, որ առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք, սակայն պատմական այս նշանակալից դէպքը մեզ պէտք է մղէ առաւել հաւատքով մասնակից դառնալու մեր եկեղեցւոյ կեանքին, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:

Ճաշկերոյթէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը առիթ ունեցաւ մտերմիկ հանդիպումներ ու զրոյցներ ունենալու այլ շրջաններէ ժամանած հոգաբարձուներու եւ ազգային երեսփոխաններու հետ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles