ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼ – ՄԱՍԱՉՈՒՍԷՑ

0 0
Read Time:45 Second

Կիրակի, Հոկտեմբեր 29-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, պատարագեց Ուայթընզվիլի (Մասարուսէց) Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Յընթացս Սուրբ Պատարագի, Սրբազան Հայրը դպիր ձեռնադրեց Դանիէլ Մերեանը, եւ օծեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի սրբապատկերը։ Քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութեան հրամայականին՝ ներկայ աշխարհի տագնապի ու անորոշութեան մէջ ընթացող մարդկութեան եւ ի մասնաւորի հայ ժողովուրդի բարօրութեան համար։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 66րդ ամեակի տօնակատարութիւնը եւ նշուեցաւ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն․ Տէր Խոսրովեանի եւ երէցկին Սիւզանի ամուսնութեան քսանամեակը։ Գերպ. Տ․ Արտակ Ծ․ Վրդ․ Արապեան՝ Ուստըրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, կատարեց սեղանօրհնէքի աղօթքը։ Ատենապետ՝ Ճորճ Մարաշեան, յանուն գաղութին, նիւթա-բարոյական նուէրով գնահատեց Տէր Հօր անսակարկ ծառայութիւնը։ Տ. Միքայէլ Քահանայ շնորհակալութիւն յայտնեց այս անակնկալ պատիւին համար, խոստանալով առաւել խանդավառութեամբ ծառայել իրեն վստահուած հօտին։ Սրբազան Հայրը իր խնդակցութիւնը յայտնեց այս զոյգ տօնախմբութեանց առթիւ, խոր գոհունակութիւն յայտնեց եւ գաղութիւն մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles