ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- ԱՐՑԱԽԻ «ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

0 0
Read Time:28 Second

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31-ին, Արցախի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը այցելեց Ազգային Առաջնորդարան։ Թատերախումբը յաջողութեամբ պսակեց արեւելեան շրջանի իր շրջապտոյտը, որուն ընթացքին ներկայացուց «Երկնքից ընկաւ երեք խնձոր» թատերախաղը, հիմնուած՝ Նարինէ Աբգարեանի համանուն վէպին վրայ, բեմադրութեամբ՝ Կարինէ Քոչարեանի։ Այցելուներուն կ՚ընկերանային անդամուհիներ Հ․Օ․Մ․-ի Շրջանային Վարչութենէն, որ հովանաւորած էր շրջապտոյտը «Սփիւռքի ձայն» հեռատեսիլի կայանին հետ։

Առաջնորդ Սրբազան Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան ողջունեց հիւրերը, որոնք նոյնպէս բռնի տեղահանուած են Արցախէն եւ խօսեցաւ նման շրջապտոյտի կարեւորութեան մասին այս ճակատագրական պահերուն, ինչպէս եւ Սփիւռքի զօրակցութեան մասին մեր արցախցի եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Զրոյցին յաջորդեց հիւրասիրութիւն մը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles