ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔ ՄԸ, ՈՐ ՉԻ ԿՈՐՍՈՒԻՐ (ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

0 0
Read Time:6 Minute, 32 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 2023

            Կար ու չկար, կապոյտ աչքերով, վարդագոյն, բարի ժպիտով եւ խօսելու իր ոճո՛վ իսկ վկայեալ հանդարտաբարոյ, ազնի՛ւ մարդ մը կար, որ կը կոչուէր Պետրոս Ալահայտոյեան: Զինք առաջին անգամ տեսնողը անպայման պիտի տպաւորուէր քիչ մը անխնամ թողուած վարսերէն, որոնք պիտի մատնէին, թէ անպայման ԱՐՈՒԵՍՏի հետ կապ ունեցող էակ մըն էր…

            Կար, բայց տարի մը առաջ դարձաւ «չկայ»:

            Սխա՛լ հաստատում: Տարի մը առաջ, 11 Սեպտեմբեր 2022-ին աչքերուն հետ աշխարհային հաշիւները փակած Պետրոսին մասին կարելի չէ խօսիլ այնպէս՝ ինչպէս կը խօսինք հեքիաթային հերոսներու մասին, որովհետեւ «կար ու չկար»ին երկրորդ բառը՝ «չկար»ը ճիշդ բացատրութիւն չէ իրեն համար. որովհետեւ Պետրոսն ու նմանները համահայկական, այսինքն՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան արժէքներէն են, որոնք չեն կորսուիր, իրենց կերտած վաստակով եւ մեր մշակոյթին մատուցած իրենց ծառայութիւններով մի՛շտ ալ կը մնան մեր կողքին. Եղա՛ծ են, կա՛ն ու պիտի մնա՛ն: Պիտի մնան մանաւանդ անոր վստակէ՛ն բխող պատգամները…

            Պետրոս Ալահայտոյեան անունը կապուած էր ու միշտ ալ կապուած պիտի մնայ ընդհանրապէս երաժտութեան ու մշակոյթին, մասնաւորաբար ՀԱՅ ԵՐԳին, բացառաբար անոր ժողովրդական կալուածին:

            Վաստա՞կը. բազմաշերտ է ու բեղուն:

            …Աւելի քան 50 տարի առաջ, անոր անունը, իբրեւ երիտասարդ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ, երեւցաւ պէյրութեան հայ մամուլի էջերուն, հիմնականին մէջ «Ազդակ»ի պատուհանէն: Առաքելութիւն մը յանձն առած էր արձագանգելու երաժշտական, գեղարուեստական եւ մշակութային ձեռնարկերու, կատարելու գնահատականներ, դատումներ եւ երբեմն ալ սուր քննադատութիւններ: Շեշտեցինք «հեղինակութիւն» բառը, որովհետեւ անոր դատումները կը դիմաւորուէին իբրեւ արդար ու բծախնդիր նշումներ: Պետրոսին սիւնակները կարդացողը ի սկզբանէ նախատրամադրուած կ’ըլլար, արդա՛րօրէն – եւ չէր սխալեր – որ անոր գնահատականները վիճարկելի չեն, որովհետեւ ունէին մասնագիտական խոր հիմունք, հասկնալի կը դառնար, որ այս գրողը պարզապէս մակերեսային քննարկում չի կատարեր, այլ քաջահմուտ է հայկական ու միջազգային տիտաններու գործին, արժէքին, եւ անոնց փորձաքարին կը զարնէ իր լսածն ու տեսածը: Սիրողական քննարկող մը չէր, այլ բարձրագոյն արհեստավարժութեամբ օժտուած արուեստաբան մը:

***

            Ինչպէ՞ս կազմաւորուած էր այդ երիտասարդը, որո՞նք էին անոր դասատուները:

            Երաժշտութեան, մասնաւորաբար հայկական երգարուեստին հանդէպ անոր համակրանքը նշմարուած էր այն օրերէն, երբ ուսանող էր Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի յարկին տակ: Մաս կազմած էր Բարսեղ Կանաչեանի երգչախումբին, ու մեծ երաժիշտը իրեն համար վերածած էր նոյնինքն Կոմիտաս Վարդապետին եւ նմաններու հետ կամուրջի մը: Ոմանք զարմանքով կ’իմանային, որ ան եղած է դեղագործութեան ուսանող ու վկայուած, սակայն ան չէր ընտրած գիւտեր՝ նոր դեղեր հնարելու ճամբան, որ օր մը զինք կրնար հասցնել Նոպէլեան մրցանակի մը: Իր հետաքրքրութիւնները, «առաջին սէրը» եղած էր երաժշտութիւնը, «հետախուզական» աշխատանքը կեդրոնացուցած էր այդ կալուածին վրայ եւ այսօր, աչքի առջեւ ունենալով իր ժառանգութիւնը, վաստակը, կրնանք ըսել, որ ան արժանացած է հայութեա՛ն նոպելեան մրցանակի մը:

***

            Պ. Ալահայտոյեանի առաքելութիւնը մամուլով սահմանափակուած չմնաց: Տարիներ շարունակ, ուսանողութեան եւ յետ-ուսանողութեան տարիներուն, ապրեցաւ եւրոպական ոստաններու մէջ, դարձաւ ձայնասփիւռի յայտագիր պատրաստող-հաղորդավար եւ ի շարս այլոց՝ հայկական երաժշտութիւն մատուցեց ունկնդիրներու: Չէ՞ որ տասնամեակներ առաջ, 20-րդ դարու սկիզբին, նոյնինքն Մեծն Կոմիտաս նման առաքելութիւն յանձն առած էր եւ հայկական ժողովրդական երգը հասցուցած՝ եւրոպական բեմ…: Այս նշումը չենք արձանագրեր բաղդատականի մօտեցումով, այլ ընդգծելու՝ թէ Պ. Ալահայտոյեան իսկական հետեւորդն էր Կոմոտասի, Կանաչեանի եւ հայ երգը պեղող այլ մեծերու, իսկական մէկ աշակերտը անոնց:

***

            Անհաշուելի են հայկական մամուլի էջերուն լոյս տեսած՝ Պ. Ալահայտոյեանի սիւնակները: Անոնցմէ անդին, անոր միտքի ու աշխատանքի արքասիքները լոյս տեսած են հատորներով, որոնցմէ երկուքը լուսարձակի տակ կը բերեն Բալուի եւ Վան-Վասպուրականի ժողովրդական երգերէն փունջեր, իսկ վերջինը ուսումնասիրական վիթխարի աշխատանք մըն է Բարսեղ Կանաչեանի ստեղծագործութիւններուն մասին:

            Առաջին ակնարկով, քանի մը հատորը կրնայ թուիլ համեստ վաստակ, սակայն եթէ ընթերցողն ու ունկնդիրը (այո՛, ունկնդի՛րը) ծանօթանայ այդ հատորներու պատրաստութեան համար տրամադրուած ժամանակին եւ շնչասպառութիւն պատճառած հետապնդումներուն, բառացիօրէն՝ իր կատարած պեղումներուն, պիտի զգայ, թէ ինչպիսի՜ սէր ու պաշտամունք ունէր Պ. Ալահայտոյեան՝ հայկական ժողովրդական երգին հանդէպ: (Պէտք չէ մոռնալ, որ այդ բոլորը իրականացուցած է սեփական միջոցներով, առանց պետական կամ որեւէ հիմնարկի աջակցութեան): Այդ մօտեցումով է որ կ’ուզենք իր տարած աշխատանքին արքասիքը տեսնել մեր Զարթօնքի շրջանին սկսած, ըսել կ’ուզենք՝ այդ տասնամեակներուն աշխուժացած բանասիրական գործերու շրջագիծին մէջ:

            Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, միայն արձանագրենք այն, որ հայկական ժողովրդական երգը ունի աւելի քան տասը դարերու պատմութիւն (իսկ անկէ անդին, արմատները կը հասնին հեթանոսական դարեր), սկսած այն օրերէն, երբ մարդ արարածը եւ Արուեստին ծառայող, արուեստ արարող անոր զաւակները սկսան նայիլ անդենականէն ասդին, այսինքն, հոգեւոր-կրօնական գրականութեան կողքին՝ իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ տեղ տալ նաեւ աշխարհիկին, այսինքն՝ զգացումներուն, առօրեային, մէկ խօսքով՝ ուրախութիւն եւ տրտմութիւն պատճառող վիճակներուն (մարդկային զգացումներ, աշխատանք, շրջապատը դիտելու եւ ըմբոշխնելու ունակութիւն, ընտանեկան ուրախ եւ տխուր առիթներ, պանդխտութիւն, ի վերուստ տնօրինումները վիճարկելու յանդգնութիւն…):

Բանասէրներն ու բանահաւաքները հայ երգի ժողովրդականացումի դարաշրջանին սկիզբը կը նկատեն 10-րդ դարը: Ժողովրդային երգը ծնունդ առած է ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ, անկախ անկէ, որ եղած են անհատ յօրինողներ (շատերը մնացած են անանուն, ծանօթ են անունները բազում հեղինակներու): Հաւաքականութեան կողմէ որդեգրուած եւ տարբերակներով՝ դարեր շարունակ ժողովուրդի բերնին մէջ ապրած բազմաթիւ երգեր մերթ ընդ մերթ արժանանացած են հաւաքագրումի: Սակայն այսօրուան իմաստով՝ գիտական մօտեցումով բանահաւաքը եւ երգարաններու պատրաստութիւնը թափ առած են 18-19-րդ դարերուն, ապա, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, ներգրաւած են ակադեմականներ: Ալիշանէն մինչեւ Սրուանձտեանց եւ ժամանակիցներ, Մխիթարեաններէն մինչեւ պոլսեցի բանասէրներ, յետոյ նաեւ Աբեղեան, Ղանալանեան, Մնացականեան եւ ուրիշներ, առանց մոռնալու մեծագոյնը՝ Կոմիտաս Վարդապետը, հսկայական աշխատանք տարած են եւ իրենց կեանքէն ահագին բաժին տրամադրած են՝ դարաւոր երգերու հաւաքման եւ մէկտեղման նպատակով: Եթէ նախախորհրդային տարիներուն, այս աշխատանքին համար համեմատաբար աւելի նպաստաւոր պայմաններ ունէին Մխիթարեանները (որոնք կարելի է կոչել արհեստավարժ բանասէրներ՝ լեզուագէտ, պատմագէտ, աշխարհագրագէտ եւ բազմաթիւ այլ …գէտներ), խորհրդային տարիներուն, ինչպէս ակնարկեցինք, բանասիրական գործը նուաճեց գիտական պեղումներու համազօր տարողութիւն:

            Սփիւռքեան պայմաններու մէջ, Պ. Ալահայտոյան եւ նմաններ նման «պերճանք» չունէին: Աւելի՛ն, Ցեղասպանութեան հետեւանքով բռնագաղթի մատնուած մեր ժողովուրդը դարձած էր «աշխարհակալ», տարածուած էր շատ աւելի ընդարձակ երկրամասերու վրայ, քան ինչ որ կրնար երեւակայել… Մեծն Տիգրանը: Գրաւեալ Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն հեռացուած հայը իրեն հետ տարած էր ժողովրդական երգը, որ եթէ յետ-ցեղասպանութեան առաջին տարիներուն անբաժանելի մէկ մասնիկն էր իր առօրեային, կ’երգուէր աշխատանքի պահուն, սգոյ եւ հարսանիքներու եւ նման առիթներով, կեանքի նոր դրուածքն ու տարբեր երկիրներու բնական ներգործութիւնները պատճառ եղան, որ այդ աւանդները կամաց-կամաց դուրս գան ընտանիքներու կեանքէն. տարեցներու բնական նուազումով, փոխանցումը դանդաղեցաւ եւ օր մըն ալ ի սպառ պիտի կորսուէր (Հայաստանի պայմանները տարբեր են. հոն, մինչեւ այսօր ալ Հայ Գիւղը կ’ապրի եւ կ’ապերեցնէ ժողովրդական երգը, կայ նորերու արարման բնական հող: Մեր խօսքը չի վերաբերիր փողոցային, գռեհկութիւն բուրող այն երգերուն, որոնք վերջին տարիներուն ողողած են հրապարակն ու մինչեւ իսկ պատկերասփիւռի պաստառներ):

            Պ. Ալահայտոյեան եւ հազուադէպ նմաններ, հայ մշակոյթի երկրպագուներ, օր մըն ալ անդրադարձած են, որ հայրենի հողին վրայ ստեղծուած եւ պարտադրաբար սփիւռքացած ժողովրդական երգը կրնայ անհետ կորսուիլ, եթէ զայն հաւաքագրող չըլլայ: Ալիշաններու եւ Կոմիտասներու դրօշարշաւը պէտք էր վերականգնել եւ երգի պատառիկները փրկել, գիրով արձանագրել: Այս յանձնառութեամբ ալ, Պ. Ալահայտոյեան ինքն իրեն պարտականութիւն տուած է շրջելու քաղաքէ քաղաք, այցելել տարեցներու, ծերանոցներ եւ նման յարկեր, փնտռել եւ գտնել անհետանալու վտանգին մատնուած երգեր գիտցողներ, երգել տուած է ու ձայնագրած՝ դարաւոր գոհարները: Ան աւելի՛ բախտաւոր էր, քան Կոմիտաս եւ ժամանակակիցները, զայն կանխողները, որովհետեւ արդի արհեստագիտութիւնը իր տրամադրութեան տակ դրած է երգ արձանագրելու սարքեր (մինչդեռ Կոմիտասէն ունինք միայն ձայնագրեալ նշխարներ): Տասնամեակներու վրայ երկարած ձայնագրութիւնները կազմած են իսկական գանձարան մը, որ բարեբախտաբար ունեցաւ յարմարագոյն ժառանգորդը՝ Հայաստան հայրենիքը: Սակայն անկէ պատառիկներ բաժին հանուեցան նաեւ ընթերցողին, Վան-Վասպուրականի երգերուն նուիրուած իր հատորին հետ, խիտ ձայնապնակներով:

***

            Պ. Ալահայտոյեան Սփիւռքի հազուադէպ զաւակներէն էր, որ գիտական մօտեցումով եւ բծախնդիր աշխատասիրութեամբ կատարած է ակադեմականի համազօր աշխատանք, հեղինակած է հատորներ, որոնց մէջ ընթերցողը կը հմայուի Արուեստին համազօր-համապատասխան սքանչելի հայերէնով. ստեղծած է վաստակ, որ հպարտութիւն եւ պատիւ կը բերէ ոեւէ բանասէրի: Այս աշխատանքը կատարած է լռիկ-մնջիկ, առանց իր անուան շուրջ աղմուկ ստեղծելու, իսկ երբ առիթ եղած է իր ըրածին մասին արտայայտուելու, պատասխանած է՝ «Ի՞նչ ըրած եմ որ…»ի տրամադրութեամբ: Սա արդէն կը նշէ մէկ հիմնական գիծը այս բանասէրին նկարագիրին, գիծ մը, որ կը սահմանուի ՀԱՄԵՍՏՈՒԹԵԱՄ եւ ԱԶՆՈՒՈՒԹԵԱՄԲ: Արդարե՛ւ ազնիւ մարդ էր Պ. Ալահայտոյեան, կը մարմնաւորէր այն Ազնուութիւնը, գլխագի՛ր ազնուութիւնը, որ մարդը կը դարձնէ արուեստագէտ, բանասէր:

***

            Տարի մը առաջ մեզմէ բաժնուած Պ. Ալահայտոյեանը պիտի յիշուի իբրեւ այդպիսի՛ ազնիւ մարդ, բանասէր եւ Հայ Երգի հաւատարիմ սպասարկու: Անոր կեանքի վաստակը, ինչպէս նշեցինք, կը մարմնաւորէ բազում պատգամներ (երբեք պիտի չ’ընդուներ պատգամախօս մը ըլլալ, սակայն էապէս է՛): Ան իր գործով ցոյց տուած է, որ իբրեւ անհատներ ու հաւաքականութիւն՝ առաքելութիւնը ունինք պահպանելու մեր ազգային արժէքները, գուրգուրալու անոնց վրայ, անոնք ըլլան պատմութիւն, մշակոյթ, աւանդութիւններ թէ նոյնինքն ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ, որ օրրանն ու մարմնաւորումն է բոլոր արժէքներուն:

Happy
Happy
50 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
50 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles